ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին կազմակերպած ՀՕՄի Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 7, 2013ին, երեկոյեան ժամը 6ին, First Baptist Church of Glendale եկեղեցւոյ մէջ, որուն հասցէն է՝ 209 N. Louise St., Glendale, CA:
ՀՕՄի 103րդ ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛ընդգրկէ ծառայական կեանքի յետադարձ ակնարկ մը, ներկայի արժեւորումը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու հրամայականը: Յայտագիրին մաս պիտի կազմէ Կլենտէյլի Սենեկային Նուագախումբը (Glendale Chamber Orchestra)՝ ղեկավարութեամբ մայսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի, մասնակցութեամբ սոփրանօ Նունէ Կենճոյեանի եւ թենոր Սուրէն Մկրտիչեանի:
ՀՕՄը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին հասած է կարօտեալներուն, նոր սերունդի յառաջդիմութեան համար կարելիութիւններ տրամադրած է եւ հայ մշակոյթը պահպանած է: Այս յատկութիւնները շարունակուած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, պատերազմներ, երկրաշարժներ եւ այլ աղէտներ դիմագրաւելով հանդերձ:
ՀՕՄը իր առաքելութիւնը վեր պահած է շնորհիւ բարերարներու եւ անդամներու, որոնք իր գործունէութեան համար միջոցներ տրամադրած են: Մայր Սոֆիա Յակոբեանը (1885-1967) այն յատուկ բարերարներէն էր, որ Բաղէշի (Պիթլիս) 1895-96ի ջարդերուն որբ մնացած էր եւ 1905ին հասած էր Ֆրեզնօ: Ան կ՛ըմբռնէր որբեր օգնելու արժէքը եւ տասնամեակներ շարունակ ղեկավար դեր ստանձնելով ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղէն ներս՝ իր անձնական օրինակով օգնած էր որբերուն, իր մասնաճիւղին, ակումբ, դպրոց եւ ծերանոց հիմնելու համար գումարներ տրամադրած էր, ինչպէս նաեւ օժանդակած «Ասպարէզ» ու «Հայրենիք» թերթերուն, եկեղեցիներու եւ այլ բարի նպատակներու: Նոր սերունդները ՀՕՄի գործունէութիւնը շարունակեցին Մայր Սոֆիայի օրինակին հետեւելով, ու տեղական եւ համահայկական պայմաններու համեմատ նոր լուծումներ գտնելով՝ նոր ուղիներ ճշդեցին:
«ՀՕՄի Օր տօնելը մեզի համար կը նշանակէ ազգին ծառայելու մեր ուխտը վերանորոգել, իրարմով գօտեպնդուիլ եւ նոր սերունդին մէջ կամաւոր ծառայելու հաճոյքը արթնցնել», կը յայտնէ Շրջանային կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհի Անահիտ Մէյմարեանը:
Հանրութիւնը հրաւիրուած է ՀՕՄի անդամներուն հետ մասնակցելու ՀՕՄի Օրուան տօնակատարութեան եւ աւելի քան դար մը ՀՕՄի իրագործումներով հրճուելու, Կիրակի, Ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 6ին, First Baptist Church of Glendale եկեղեցւոյ մէջ: Մուտքը ազատ է:
Ձեռնարկէն երկու օր առաջ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի ճաշկերոյթ-կալան, Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2013ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէլի «Հիլթըն» պանդոկը (100 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA):
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կապուիլ ՀՕՄի Շրջանային գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով կամ office@arswestusa.org հասցէով:
***
Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, կեդրոնատեղի ունենալով Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Ան 27 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1500 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, նաեւ հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.