ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանին տարեկան 31րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 7ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Գալայճեան» սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA, 91504):
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներն են տէր եւ տիկին Ալպերթ եւ Թերի Պեզճեաններն ու տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Վիվիան Լուսարարեանները:
Ձեռնարկին ընթացին պիտի մեծարուին Ճեք Մունչերեանն ու Աշխէն Իսբենճեան, վարժարանին շնորհած անոնց երկարամեայ արտակարգ սպասարկութեանց համար: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վարժարանի աշակերտներն ու շրջանաւարտները:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել վարժարանի գրասենեակ՝ (818) 907-8149 թիւով կամ այցելել
www.merdinianschool.com կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.