
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեսուն գեղանկարիչներ պիտի մասնակցին գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը՝ ի նպաստ սուրիահայութեան, Հինգշաբթի, Ապրիլ 11, 2013ին, երեկոյեան ժամը 7էն 10, «Զօրայեան» թանգարանը, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի համալիրէն ներս (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504):
Ձեռնարկը հովանաւորուած է Հայց. եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ, եւ նախաձեռնութիւնն է Հայ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու կեդրոնին. ձեռնարկի կազմակերպիչներն են «Տապան II» հեռուստածրագիրը, Պոլսահայ միութիւնն ու Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը (SARF): Երեսուն գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւնները տրամադրելի պիտի ըլլան եւ անոնցմէ գոյացած գումարները ամբողջովին պիտի նուիրուին սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն՝ SARF-ի միջոցաւ:
Հետեւեալ արուեստագէտները պիտի մասնակցին ցուցահանդէսին.
Վլադիմիր Աթանեան, Վոլոդիա Բաբայեան, Պերճուհի Բայրամեան, Վահէ Պէրպէրեան, Րաֆֆի Բոյաջեան, Գալուստ Գէօդել, Լիաննա Գորոյեան, Մարալ Դանիէլեան, Սիրուն Երէցեան, Եւրիկա Զատիկեան, Գրիգոր Զաքարեան, Սամուէլ Զումեան, Արմինէ Թէյմուրեան, Աշոտ Խադաւերդեան, Սամուէլ Հալաճեան, Մինաս Հալաճեան, Վազգէն Մաթեան, Զարէ Մկրտիչեան, Սարգիս Մուրադեան, Աշոտ Մինասեան, Իլդա Շագարեան, Միքայէլ æիհանեան, Ռազմիկ Սամուէլց, Էլլա Սարգիսեան, Մկրտիչ Սարգիսեան, Ռաֆայէլ Վաղարշակեան, Հենրիկ Վարդենիկցի, Արա Տեւկանց, Էմիլ Քազազ եւ Գագիկ Ֆահրադեան:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան մեծապէս գնահատած է սոյն ցուցահանդէսին նախաձեռնող արուեստագէտները, անոր ձեռնարկող կազմակերպութիւնները եւ առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը, ապա աւելցուցած է. «Կը յուսանք, որ մեր արուեստասէր ժողովուրդը չի փախցներ այս առիթը՝ ըմբոշխնելու արուեստի գործերը եւ մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն օժանդակելու առիթը»:
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինի անդամներն են հետեւեալները.
Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմ, Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն:
Համացանցային հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org: