ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, Մարտ 9ին, Հայց. առաքելական եկեղեցին յիշատակեց քրիստոնէութեան համար զոհուած քառասուն քաջարի զինուորներուն՝ Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Մարտ 10ին պատարագեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց նշեալ եկեղեցւոյ մէջ։
Առաւօտեան ժամը 10։30ին, սրբազան հայրը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի. թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ սարկաւագաց դասը, որ սպասարկեց Ս. խորանին։
Ներկայ էին եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, երեսփոխաններ եւ գաղութին մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ։
Նախքան «Հայր Մեր»ը, պատարագիչ սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն՝ բնաբան ունենալով Ս. Քառասնից Մանկանց նուիրուած շարականի հետեւեալ բառերը. «Ո՜վ երջանիկ ճառագայթներ, դուք որ Աստուածային զօրութեամբ լճին սառնութիւնը մեղմացուցիք եւ ձեր աղօթքներու զօրութեամբ 40րդ թիւը ամբողջացուցիք, բարեխօս եղէք մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի մօտ»։
Առաջնորդը անդրադաձաւ քրիստոնէական իրենց հաւատքին վրայ հաստատ մնացող, հալածանքի ու չարչարանքներու դէմ կանգնող այն 40 զինուորներուն, որոնք նահատակութեամբ աւարտեցին իրենց կեանքը եւ մեզի համար կը մնան հաւատքի ճամբուն վրայ հաստատ մնալու օրինակ։ Ան յայտնեց, թէ Մեծ Պահոց այս շրջանը եւ մեր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօները հաւաքական հրաւէրներ են մեզի՝ ամէն բանէ առաջ մեր աղօթքի կեանքին մէջ յարատեւելու, առանց թուլնալու եւ վհատելու։ Ըստ առաջնորդին՝ մեր կեանքի տեւողութեան կ՛ունենանք տագնապներ եւ տառապանքներ, բայց երբ չտկարանանք մեր աղօթքին ու հաւատքին մէջ, վստահ պէտք է ըլլանք, որ Աստուածային նախախնամութեան ապաւինելով մեր բոլոր նեղութիւնները պիտի մեղմանան։
«Իբրեւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, մենք ամբողջութիւն մը կը կազմենք. աղօթքը անպայման մնայուն ներկայութիւն պիտի ունենանք մեր ծառայական կեանքէն ներս», շեշտեց առաջնորդը եւ պատգամը աւարտեց ըսելով, թէ իբրեւ ամբողջութիւն՝ մնանք միակամ, մեր հաւատքին մէջ չտկարանանք, այլ ապաւինինք Աստուծոյ նախախնամութեան եւ մեր աղօթքներով խնդրենք Աստուծմէ, որ մեր ամբողջութիւնն ու հաւատքը տոկուն եւ ամուր պահէ։
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ու ծաղկումին մասնակցած, ինչպէս նաեւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, առաջնորդին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ «Ղուկասեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։ Մատաղի օրհնութիւնը կատարելով՝ սրբազանը բարձր գնահատեց տիկնանց միութեան անդամներու ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մատաղին մասնակից բոլոր հաւատացեալներուն նուիրաբերումը։ Ներկաները ճաշակեցին օրհնուած մատաղը։
Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ օրուան արարողութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.