ԿՐԱՆԱՏԱ ՀԻԼԶ.- Հինգշաբթի, Մարտ 7ին, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէութեան ու քոյր կազմակերպութեանց անդամները առիթը ունեցան հանդիպելու շրջանի հայ գործարարներուն հետ, Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ նախաձեռնուած հանդիպումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շրջանի Հայ կեդրոնը (17422 Chatsworth St., Granada Hills, CA):
«Հաւաքին նպատակն էր գործարարները իրարու ծանօթացնել՝ իւրաքանչիւրին համար գործի ընդարձակման կարելիութիւններ ստեղծելով, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նպաստել ամբողջ շրջանի տնտեսութեան», կը յայտնէ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Փիեռ Ենոքեան:
Ներկաներու տպաւորիչ ցանկին վրայ կային Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան (46րդ ընտրաշրջան), Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Էնկլենտըր (12րդ ընտրաշրջան) եւ անոր խորհրդականը, ինչպէս նաեւ շրջանի ոստիկանապետ Քրիս Փիչըր:
Այս հաւաքին ընթացքին, աւելի քան 85 գործարարներ առիթը ունեցան իրարու եւ հայ գաղութին աւելի մօտէն ծանօթանալու:
Ոստիկանապետ Քրիս Փիչըր յայտարարեց, թէ ոստիկանութիւնը միշտ պատրաստ է հասնելու քաղաքացիներու օժանդակութեան, երաշխաւորելու համար շրջանի ապահովութիւնն ու անդորրը, մինչ Միչ Էնկլենտըր խօսեցաւ իր գրասենեակին ու շրջանի հայութեան միջեւ սերտ յարաբերութեանց մասին, որմէ ետք ան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին անունով դրուատիքի գիր մը ներկայացուց Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին:
Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան տեղեկութիւններ փոխանցենց Սաքրամենթոյի մէջ իր գործունութեան մասին ու Հայ կեդրոնին յանձնեց դրուատիքի գիր մը, համայնքին շնորհած անոր բոլոր սպասարկութեանց դիմաց:
Մեծ թիւով գործարարներ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ձեռնարկի կազմակերպման համար՝ յոյս յայտնելով, որ անոր նմանները եւ նոյնիսկ անկէ աւելի ընդարձակ հաւաքներ պիտի կազմակերպուին մօտիկ ապագային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.