
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Համահովանաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի շրջանաւարտներուն եւ բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանի Արդի ու դասական լեզուներու եւ գրականութեանց բաժանմունքի ու Հայկական Ցեղասպանւոթեան ոգեկոչման միացեալ մարմինին՝ Շաբաթ, Ապրիլ 6ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1:15, տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն տեղի ունեցած հերոսամարտերուն նուիրուած գիտաժողով մը:
Գիտաժողովին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Ռուբինա Փիրումեանը, Պարպարա Մերկերեանը, Կարապետ Քէյ. Մոմճեանը, Արամ Արքունը եւ Վահրամ Շէմմէսեանը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեանին՝ (818) 677-3456 թիւով կամ vahram.shemmassian@csun.edu հասցէով:
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Կրենտ Սալոն» սրահը, որուն ամենամօտիկ ինքնաշարժներու կանգառը թիւ 3ն է, Փրերի թաղին վրայ, Զելզա թաղին մօտ (6 տոլար): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.csun.edu/maps կայքէջը: