ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ Ապրիլ 15ին միանան Սաքրամենթոյի մէջ հաւաքուող Հայ Դատի գործիչներուն՝ համայնքը յուզող հարցերը անձամբ ներկայացնելու համար Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց:
Արդարեւ, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքի քաղաքական կեդրոնատեղիին մէջ այդ օրը տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած տարեկան ոգեկոչման ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նահանգին օրէնսդիրները:
Ամէն տարի կազմակերպուող այս միջոցառումը առիթ կ՛ընծայէ ամերիկահայերուն ներկայացնելու իրենց համայնքներու կարիքները եւ յուզող հարցերը, ծանօթանալու քաղաքական անձնաւորութեանց հետ եւ ամրապնդելու կապերը նահանգային իշխանութեանց հետ:
«Մենք, մեր հնագոյն ազգի հպարտ որդիներով ու դուստրերով պիտի միաւորուինք՝ կերտելու համար պայծառ եւ լուսաւոր ապագայ մը ամբողջ մարդկութեան համար», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ancawr կայքէջը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ tereza@anca.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.