
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Փետրուար 26ին կայացած քաղաքային նախնական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներէն միայն մէկը չէ կրցած յաղթական դուրս գալ ընտրապայքարէն, մինչ Հայ Դատի աջակցութիւնը վայելող «S» առաջադրութիւնը եւս կարելի եղած է վաւերացնել:
Ընտրութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ եւ Ապրիլ 9ին կայանալիք տեղական ընտրութեանց նախօրեակին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ որոշած է զօրակցիլ Սթիւ Ֆըրկըսընին, որ իր թեկնածութիւնը դրած է Պըրպենքի կրթական հարցերու վարչութեան ընտրութեանց:
Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի նախնական ընտրութեանց պարագային, Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող երեք թեկնածուներէն Պապ Ֆրութոս նախնական հանգրուանին իսկ յաղթանակ արձանագրեց, մինչ միւս երկուքը՝ Տէյվիտ Կորտըն եւ Ճես Թալամանթես, յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը եւ այսպիսով պիտի կարենան մասնակցիլ Ապրիլ 9ի ընտրութեանց:
Պըրպենքի կրթական հարցերու վարչութեան ընտրութեանց ընթացքին, Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելող երկու թեկնածուներէն մէկը՝ Լերի Էփըլպաում հանդիսացաւ ամենաշատ քուէ խլող թեկնածուն՝ հասնելով Ապրիլ 9ի ընտրութեանց, մինչ երկրորդը՝ Արմոնտ Աղախանեան, հինգերորդ հանդիսացաւ, ուստի պիտի չկարենայ Ապրիլ 9ի ընտրութեանց մասնակցիլ: Անոր փոխարէն՝ Հայ Դատը նեցուկ պիտի կանգնի Սթիւ Ֆըրկըսընին, որ արդէն իսկ մօտիկ կապեր ունի քաղաքի հայ համայնքին հետ եւ նախնական ընտրութիւններէն առաջ նկատի առնուած թեկնածուներուն մէջ կը նկատուէր զօրակցութեան արժանի նկատուող թեկնածուներէն մէկը:
Նաեւ, քաղաքի քարտուղար ընտրուեցաւ Զիզեթ Մալինզ, որ կը վայելէր Հայ Դատի աջակցութիւնը:
Բոլորին պարագային, ընտրութեանց արդիւնքները շատ մօտ էին եւ հայ քաղաքացիներուն քուէները որոշիչ դեր ունեցած են:
«Հպարտ ենք, որ հայ քուէարկողները, քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան համեմատ, աւելի մեծ տոկոսով իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ընտրութեանց: Մեր միակ յուսախաբութիւնն այն էր, որ Արմոնտ Աղախանեան չկրցաւ ընտրութեանց վերջին հանգրուան հասնիլ, յատկապէս՝ որովհետեւ աւարտական հանգրուան հասած երկու թեկնածուներուն ի նպաստ ընտրական տարածուն քարոզարշաւ կատարուած էր՝ Սաքրամենթոյէն ապահովուած գումարներով», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ընտրական ու քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կայծակ Շահպազեանը:
Մինչեւ Ապրիլ 9ի ընտրութիւնները, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքը պիտի շարունակէ աշխուժացնելու համար հայ քուէարկողը, զայն քուէարկութեան մղելու նպատակով: Այս աշխատանքին համար կամաւոր գործիչներու կարիքը կայ. փափաքողները կրնան դիմել (818) 562-1918 թիւին կամ Info@ancaburbank.org հասցէին:
«Այնպէս կը թուի, թէ ընտրութենէ ընտրութիւն, մեր ջանքերը աստիճաբանար աւելի արդիւնք կու տան: Մեր ընտրազանգուածը քուէարկութեան մղելու ջանքերը կ՛ընդարձակուին ու կը բարելաւուին: Կոչ կ՛ընենք Պըրպենքի հայութեան, որ Ապրիլ 9ին կայանալիք քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց ընթացքին, քուէարկէ Տէյվիտ Կորտընի եւ Ճես Թալամանթեսի ի նպատ, իսկ կրթական հարցերու վարչութեան ընտրութեանց պարագային՝ զօրակցի Լերի Էփըլպաումի ու Սթիւ Ֆըրկըսընի», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչներէն Յակոբ Հերկէլեան: