ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ազդանշաններ կան, որ Հայաստանի մէջ շարունակուող ժողովրդային բողոքի շարժումը երերուն քայլերով կ՛ուղղուի դէպի գործող նախագահական իշխանութեան հետ քաղաքական, այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ» երկխօսութեան եւ «ինչ որ» համաձայնութեան փուլ։
Դժուար է ճշգրիտ ախտորոշում կատարել՝ ստուգապէս ճշդելու համար, թէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի դիմագրաւած քաղաքական գործիչի անելի՞ն պէտք է վերագրել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ նամակներու փոխանակումով եւ երկխօսութեան եզրերու, այլեւ համակարգային բարեփոխումներու օրակարգի փնտռտուքով զարգացող այդ երկխօսութիւնը, թէ՞ յետ–ընտրական բողոքի շարժման ներքին ուժականութիւնը սկսած է կորսնցնել մղիչ ուժի իր վարակիչ թափը։
Իսկ եթէ ժողովրդային բողոքի շարժումին վստահութեան քուէին արժանացած նախագահական թեկնածուն իր հացադուլին վերջ տայ, ինչպէս որ աջէն թէ ձախէն տեղացող յորդորները հետեւողականօրէն կը թելադրեն, այդ պարագային աւելիով կը դժուարանայ ճշդել, որ ժողովրդավարական պայքարի ի՞նչ ուղի կը մնայ դարձեալ պարտեալի աթոռին նստած ընտրազանգուածի լայն մեծամասնութեան առջեւ։
Խօսքը կը վերաբերի պետական ողջ վարչամեքենային ամէն կարգի ճնշումներուն եւ «օրէնք»ի ուժով կատարած քուէահաւաքի մեքենայութիւններուն դէմ ծառացումի կամք եւ ուժ դրսեւորած՝ ընտրազանգուածի առնուազն 37 տոկոսի քուէն ներկայացնող ժողովրդային ընդդիմադրութեան։
Խօսքը նկատառելի, այլեւ անշրջանցելի քաղաքական կշիռ ներկայացնող ընտրազանգուածի արտայայտութիւնը եղող ժողովրդային բողոքի ալիքին մասին է, այլ ոչ թէ այս կամ այն ընդդիմադիր քաղաքական ուժին թէ գործիչին։ Ժողովրդավարականօրէն եւ օրինապահօրէն պետական կառավարման այս փտած համակարգին եւ զայն սեփական ագարակի վերածած իշխանութեանց դէմ հաստատակամ դիրքորոշուած մեր ժողովուրդին մասին է խօսքը։
Ակներեւը ա՛յն է, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեան սպառած կը թուի ըլլալ ժողովրդային բողոքի շարժումը թէժ կրակի վրայ պահելու ժողովրդավարական պայքարի հնարաւորութիւնները։
Նոյնպէս ակներեւ է, որ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեանց օրակարգը առաջնահերթ դարձնելով՝ փաստօրէն փորձ կը կատարուի նախագահական ընտրութեանց արդիւնքը բողոքարկող ժողովրդային շարժումը շարքէ դուրս մղելու եւ փակուած օրակարգ համարելու…
Յառաջիկայ տասնօրեակը, այս առումով, կրնայ անակնկալ զարգացումներու առջեւ դնել բոլորս՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Թէ ազգովին ինչպէ՞ս կը դիմաւորենք այդ անակնկալները, այսօրուան օրակարգի նիւթը չէ։ Կ՛ապրինք, կը տեսնենք եւ հաշուեյարդարի կը նստինք։
Այսօրուան հրատապ օրակարգը Փետրուար 18էն ետք պարզուած քաղաքական անակնկալն է, որուն հաղորդ չեն, ոչ ալ ըստ արժանւոյն գնահատականը ունին Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը զբաղեցնող ուժերէն շատերը, ընդդիմադիր ըլլան անոնք թէ իշխանամէտ։
Արտասովոր չէ, բնա՛ւ, որ ընտրութեան մը պաշտօնական արդիւնքին դէմ բողոքելու համար, ժողովրդային բողոքի ալիք մը իջնէ փողոց եւ իրաւունք ու արդարութիւն պահանջէ գործող իշխանութենէն։
Իր անկախութեան վերականգնումին հետեւող երկու տասնամեակներուն ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարբերաբար թատերաբեմ դարձած է նման բողոքի շարժումներու։
Հետեւաբար անակնկալը այլուր կը գտնուի։
Անակնկալը՝ ժողովրդավարական պայքարի հին դասական ոճին նորօրեայ կենդանացումն է, որուն ականատեսներն ու սրտակից վկաներն ենք այսօր։
Շուրջ հինգ շաբաթէ ի վեր Ազատութեան Հրապարակը վերածուած է հելլենական ժողովրդավարութեան հնաւանդ Հրապարակը յիշեցնող հաւաքավայրի, ուր ժողովուրդը, պա՛րզ ժողովուրդը իր ցաւերուն եւ պահանջներուն մասին սիրտը պարպելու եւ պատասխանատու զրոյց ու քննարկում ծաւալելու հնարաւորութիւնը կը գտնէ։
Ժողովրդավարական բանավէճի ազատ հրապարակ մը, որուն հռետորները մայր–հոսանքի քաղաքականութեան լուսանցքը նետուած կամ լուսանցքի մէջ յայտնուած քաղաքական գործիչներ են։ Իշխանութեան փարթամ սեղաններէն միշտ հեռու մնացած՝ համեմատաբար նոր սերունդի քաղաքական գործիչներ են այդ հռետորները, որոնք գործող իշխանութեան երեսին համարձակօրէն մարտահրաւէր կը կարդան եւ ժողովուրդի պահանջներուն ամէնէն արմատական բանբերները կը դառնան։
Կարեւոր չէ, որ իշխանութեանց «համբերութեան բաժակը» ե՞րբ կը յորդի, կամ՝ պետական կառավարման համակարգը յափշտակած իշխանաւոր առանձնաշնորհեալները ինչպէ՞ս կը հակազդեն ժողովրդավարական պայքարի այսօրինակ խրախճանքի հրապարակին։
Ոչ ալ նշանակութիւն ունի վերեւներէն հնչող այն հեգնանքը, թէ բուռ մը «սանձարձակներ»ու կամ «խենթեր»ու մնացած է հրապարակը։
Կարեւորը եւ հիմնականը այն է, որ հայութիւնը, Հայաստանի վերանկախացումէն քսանամեակ մը ետք, վերջապէս գտած է սեփական պետութեան կառավարումը քաղաքացիական մասնակցութեամբ եւ ժողովրդավարական պայքարով բարեշրջելու իր ուրոյն եղանակը։
Ժողովուրդը յոգնած ու զզուած է հեռուստատեսութեան պաստառներէն – վերամբարձ բառամթերքով եւ քաղաքականօրէն «լաւագոյնս» ձեւակերպուած բանաձեւերով – իր սիրտը առնելու կոչուած ելոյթներէն ու ճարտասանութենէն։ Ծարաւը ունի իր հետ դէմ առ դէմ կանգնող եւ առանց թիկնապահ «շքախումբ»ի զրուցող քաղաքական գործիչներու, որոնք իրապէ՛ս պատրաստ են հաշիւ տալու իրենց ըրածին եւ չըրածին մասին, առանց քրտինքի իրենց կուտակած հարստութեանց եւ սեփական ժողովուրդի զաւակներու ապագային հետ այսպէս անհոգ եւ արհամարհական վարմունքին մասին։
Չմոռնանք, որ քսանեւհինգ տարի առաջ ալ, երբ Արցախի Միացման շարժումը նոր կը հաւաքէր համաժողովրդային պոռթկումի իր թափը, անմիջական եւ ուղղակի ժողովրդավարական նմանօրինակ երկխօսութեամբ մը հիմը դրուեցաւ ժողովրդային վստահութեան այն մեծ դրամագլուխին, զոր Ղարաբաղ Կոմիտէն բարձրացուց իշխանութեան սանդուխէն վեր եւ բազմեցուց պետական կառավարման ղեկին։
Հայը իր ազգային բնազդով զգուշաւոր է եւ այսօր ալ դժուար չէ նախագահական վերջին ընտրութեանց պաշտօնական կեղծ արդիւնքը մերժող մեր ժողովուրդին վախցնել Ղարաբաղ Կոմիտէի… ուրուականով։
Ազատութեան հրապարակին վրայ մեր ժողովուրդին հետ սրտբաց զրոյցի նստած ընդդիմադիր գործիչներու համեմատաբար նոր սերունդը, իր կարգին, կրնայ եւ չարդարացնել իր վրայ դրուող գրաւը։ Իրապէս կրնայ կրկնուիլ ժողովրդային բողոքի ալիքին վրայ իշխանութեան գալու եւ սեփական ժողովուրդին կռնակ դարձնելու ՀՀՇական իշխանաւորներու «սինտրոմ»ը։ Բայց այսօր կը խօսինք սեփական պետութեան կողմէ արհամարհուած մեր ժողովուրդին մասին, որուն այս կամ այն առումով, կամայ թէ ակամայ, անտէր եւ անպաշտպան ձգեց նաեւ պաշտօնական ընդդիմադրութիւնը։ Իսկ իր բախտին ձգուած ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի աչքի լոյսի պէս գուրգուրալու իրեն սրտակից եւ դեռ իշխանութեան գայթակղութեան անձնատուր չեղած գործիչներուն վրայ։
Աւելի՛ն. ժողովրդավարական պայքարի ամէնէն ուղղակի եղանակը վերականգնելով՝ ժողովրդային բողոքի շարժումը փաստօրէն, քառորդ դարու իր կենսափորձով զինուած, անգամ մը եւս կը փորձէ սեփական կամքը արտայայտող գործիչները գտնել եւ զանոնք քաղաքական գրոհի մղել։
Ազատութեան հրապարակով չ՛աւարտիր ժողովրդավարական պայքարի դաշտը, որ մինչեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները կ՛երկարի եւ մինչեւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր ափերը իր արձագանգը կը գտնէ։
Եթէ քառորդ դար առաջ փողահարի կոչը բաւարար էր, որպէսզի հարիւր հազարներով այս ժողովուրդը հաւաքուէր Ազատութեան հրապարակ, այսօրուան ժողովրդավարական պայքարը կը պարտաւորեցնէ ժողովրդային բողոքին մասնակից բոլոր ուժերուն, որ Երեւանի կեդրոնը հաւաքուած ժողովուրդէն անդին սեւեռին եւ երթան գտնելու իրենց անապահովութեան եւ լքուածութեան մէջ յուսահատած մեր ժողովուրդին լայն խաւերը՝ միասնաբար քննելու եւ որոնելու համար այն ուղին եւ այն քայլերը, որոնք հնարաւոր պիտի դարձնեն պետական կառավարման այս խաթարուած համակարգին արմատական սրբագրումը, սոսկ իշխանափոխութեան աւազուտքէն դուրս բերելով բոլորս։
Ամէնէն զարգացած եւ «կատարելագործուած» ժողովրդավարութիւններուն մէջ անգամ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու համայնակուլ տիրապետութեան տակ անգամ, իշխանութեան համար մրցապայքար մղող ուժերը ոչ մէկ միջոց կը խնայեն, որպէսզի ժողովրդային լայն շարքերուն հետ ուղղակի երկխօսութեան եւ ազատ լսարանի հնարաւորութիւնները չկորսնցնեն։
Հայաստանի նախագահական վերջին ընտրութեան խայտառակութիւնը յորդեցուց բաժակը եւ իր քուէին տէր կանգնող ժողովուրդը ահա վերադարձած է ժողովրդավարական պայքարի ուղղակի՝ հրապարակային եւ անկաշկանդ բանավէճի եղանակին։
Պետական կառավարման այս փտած համակարգը եւ մենաշնորհեալ ուժերու սեփական ագարակին վերածուած օրինական իշխանութիւնը ետ ժողովուրդին յանձնելու մեծագոյն մարտահրաւէրը դրուած է բոլորիս առջեւ։
Ժողովրդային բողոքի շարժումը սանձազերծուած է այլեւս եւ ով որ սեփական ժողովուրդին մէջ կը փնտռէ իր ուժին աղբիւրը ու սեփական ժողովուրդի վստահութեան մէջ կը գտնէ իր իշխանութեան անսասան վէմը, ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ խուսափում չունի մարտահրաւէրէն։
Փակուած է վերեւներէն բարեկարգում բերելու «իրատեսութեան» էջը։
Եկած է ժողովրդային բողոքի շարժման համահունչ գործելու ժամանակը՝ օրէնք, իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջող ժողովուրդին հետ ամէնօրեայ զրոյցի նստելու, ճակատաբաց խօսելու եւ միասնաբար ելք որոնելու։
Ժողովրդավարական պայքարը յաջողութեան տարբեր գրաւական չէ ունեցած, չունի՛ նաեւ այսօր։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ