ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 27 Մարտի լիագումար նիստին ընթացքին պատգամաւոր Վահրամ Աթանէսեանը հրապարակած է խումբ մը պատգամաւորներու հռչակագիրը՝ ԼՂՀ Ազգային ժողովին մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին հետ բարեկամութեան խումբ ստեղծելու որոշման մասին:
Հռչակագիրին մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Երախտագիտութեամբ ընդունելով Լիտուայի Հանրապետութեան խորհրդարանի՝ Սէյմասի պատգամաւորների Հռչակագիրը Լիտուայի Սէյմասում Արցախի Հանրապետութեան հետ Բարեկամութեան խումբ ստեղծելու մասին, նպատակ ունենալով արդիւնաւէտօրէն խորացնել Լիտուայի Հանրապետութեան Սէյմասի հետ միջխորհրդարանական կապերը յանուն մեր ժողովուրդների եւ եւրոպական ընկերակցութեան, վերահաստատելով, որ Լիտուայի ու Արցախի ժողովուրդները անկախութեան համար իրենց պայքարում առաջնորդուել են միջազգային իրաւունքի ընդունուած նորմերով, ժողովրդավարական արժէքներով եւ ընդհանուր գաղափարներով, հաշուի առնելով, որ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը ժողովուրդների անվտանգութեան եւ ժողովրդավարական զարգացման ապահովման միակ հնարաւոր երաշխիքն է, հաւաստելով Արցախի Հանրապետութեան վճռականութիւնը պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը եւ առկայ խնդիրների խաղաղ-բանակցային ճանապարհով լուծման նրա պատրաստակամութիւնը, կարեւորելով Լիտուայի Հանրապետութեան Սէյմասի պատգամաւորների կողմից միջազգային հանրութեանը Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւելու շնորհակալ ձգտումը՝
Մենք՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներս, ներկայացնելով խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները, յայտարարում ենք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովում Լիտուայի Հանրապետութեան Սէյմասի հետ Բարեկամութեան խումբ ստեղծելու որոշման մասին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.