
ԵՐԵՒԱՆ, «civilnet.am».– 27 Մարտին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ կազմակերպուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած տարբեր երկիրներու դեսպաններ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը զօրակցութիւն յայտնած են «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն դադրեցնելու հիմնադրամին նկատմամբ քրէական հետապնդումը։ Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսը կազմակերպուած էր դեսպաններուն խնդրանքով։
Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն ըսած է. ««Սիվիլիթաս»ը եւ «Սիվիլնեթ»ը մեզի համար կարեւոր գործընկերներ են։ Անոնք մեծ արժէք ունին նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման իմաստով, եւ ճիշդ այդ հանգամանքին պատճառով է, որ դեսպանատուներու ներկայացուցիչները սերտօրէն կը գործակցին «Սիվիլիթաս»ի հետ։ Ան աւելցուցած է, որ հիմնադրամին հետ համագործակցաբար իրականացուցած են շարք մը ծրագիրներ, որոնք գործադրուած են ճշդուած ժամանակին եւ պիւտճէով։
«Հայաստան համապատասխան յաւակնութիւններ ունի օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ, այս ալ համապատասխան քննութիւն է։ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին ուղղուած մեղադրանքները պէտք է հիմք ունենան։ Մինչեւ այսօր ես իսկական հիմքերու մասին տեղեակ չեմ», նշած է Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մոլերը՝ աւելցնելով, որ նման դէպքերով Հայաստանը վնաս կը հասցնէ իր այն պատկերին, որ ձեւաւորուած է քաղաքական զարգացումներուն ընթացքին որոշումներ տալու ընդմէջէն։
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան նպատակները չեն համապատասխանում քրէական դատավարութեան կանոններին», դիտել տուած է հիմնադրամի փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը՝ աւելցնելով, որ ասիկա քողարկուած միջամտութիւն է «Սիվիլիթաս»ի կողմէ ֆինանսաւորուող «Սիվիլնեթ» եւ «Օրակարգ» լրատուամիջոցներու ազատ արտայայտուելու իրաւունքին:
Հիմնադրամի տնօրէն Սալբի Ղազարեան յիշեցուցած է, որ այս շաբաթ կ՛աւարտին ԱԱԾի յարուցած քրէական գործի տասը ամիսն:
«Վերջին ամիսներին մենք աւելի լուռ ենք մնացել՝ ակնկալելով, որ տասը ամսուայ այս քննարկումներն աւարտին կը հասնեն: Այն բոլոր ամբաստանութիւնները, որ հնչում են մեր անուան շուրջ, առանց փաստերի են: Հարցաքննութիւնները խորացել են այս ամիսներին, մեր մի շարք աշխատակիցների են կանչում հարցաքննութեան: ԱԱԾն ուսումնասիրել է այնպիսի բաներ, ինչպիսիք ենք վառելանիւթի, աւտոլուացման կտրօնները, օրապահիկները եւ այլն: Մեր հաշուապահական ընկերութիւնն օրերս հայց ստացաւ, որով պահանջւում է ներկայացնել իրականացուած բոլոր՝ աւելի քան 40 ծրագրերի, նուիրատուութիւնների գումարների հաշուետուութիւնները», ըսած է Սալբի Ղազարեան։ Ան աւելցուցած է, որ ճնշումներ կը բանեկցուին նաեւ այն մարդոց վրայ, որոնք մասնակցած են «Սիվիլթաս»ի նկատմամբ ճնշումները դադարեցնելու պահանջով նամակ-ստորագրահաւաքին՝ ուղղուած Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանին: