ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան դեսպանատուներ պիտի հաստատէ Շուէտի, Մեքսիքոյի եւ Ինտոնեզիոյ մէջ։ Հայաստանի կառավարութիւնը 28 Մարտի նիստին համաձայն գտնուեցաւ դեսպանատուները ունենալու վերաբերող Հայաստանի նախագահին հրամանագիրներու նախագիծին:
Նշենք, որ Հայաստան ներկայիս Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ դեսպանատուն չունի, իսկ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ունի ընդամէնը 2 դեսպանատուն՝ Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.