
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիոլուր».– 22-24 Մարտի Թիֆլիսի մէջ կայացած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը մասնակցեցաւ 7 ծանրութեան դասակարգին եւ հայրենիք վերադարձաւ 1 ոսկէ եւ 2 պրոնզէ մետալով:
Լրագրող Աիդա Աւետիսեան կը գրէ, թէ հաւաքականի մարզիչ Սամուէլ Գէորգեանը՝ խօսելով Եւրոպայի ախոյեանութեան իրենց ձեռքբերումներուն մասին՝ նշած է, որ շատ աւելիին հասնելու կարելիութիւն կար, սակայն 66 քկ.ի մրցումին Սասուն Ղամբարեանի սխալին պատճառով կարելի չեղաւ յաղթանակ ապահովել։
120 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ախոյեանութեան մասնակցող Վաչիկ Եղիազարեանի յաղթանակը՝ ռուս ըմբիշին, զարմացուցած է բոլորը:
Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան խոստովանած է, որ մրցակցութիւնը սուր էր յատկապէս վրացի ըմբիշին հետ, «երեւի այն պատճառով, որ մրցումները Վրաստանում էին, սակայն, Եւրոպայի առաջնութիւնը մեծ ձեռքբերում էր ե՛ւ իմ, ե՛ւ Հայաստանի համար», նշած է ան։
Արթուր Ալեքսանեանի անձնական մարզիչ Գէորգ Ալեքսանեանը եւս գոհ էր հայ մարզիկներուն կատարումներէն: «Երկու մարզաձեւից էլ՝ եւ յունահռոմէական, եւ ազատ ոճի, ասեմ, որ լաւ մարզիկներ էին մասնակցում, ովքեր մասնակցել էին նաեւ օլիմպիական խաղերին, անցեալ տարուայ աշխարհի առաջնութիւնում: Պայքարը թէժ էր, սակայն Արթուրը ապացուցեց, որ ինքն այդ քաշային կարգում առաջինն է», դիտել տուած է ան։
Բաղդատելով Եւրոպայի նախորդ ախոյեանութիւններուն հետ՝ Սամուէլ Գէորգեան նշած է, որ այն ատեն մրցումներուն կը մասնակցէին աւելի փորձառու ըմբիշներ. «55, 60, 74 քկ. քաշային կարգերում մեր ըմբիշներն այս առաջնութիւնում առաջին անգամ էին մասնակցում», նշած է ան:
Ռոման Ամոյեանի ու Արսէն Ջուլֆալակեանի ախոյեանութեան չմասնակցելուն ակնարկելով՝ Գէորգեան բացատրած է, որ Ամոյեանի առողջութիւնը չէր ներեր: «Նա պէտք է բուժուէր, որպէսզի աշխարհի առաջնութիւնում բարձր կարգի մասնակցէր»:
Արսէն Ջուլֆալակեանի մօտ ալ յոգնածութիւնը տակաւին չէր անցած։ Երկուքն ալ աշխարհի ախոյեանութեան ոսկի մետալ նուաճելու փափաք ունեն:
Մրցավարութեան աշխատանքները եւս մարզիչները դրական գնահատեցին: Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերին։