
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ», «Երկիր Մեդիա».– Կոտայք մարզի Պռոշեան գիւղի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական պարունակ կը տեսնէ:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը 3 Ապրիլին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտած է, որ ընդդիմադիր կեցուածք ունեցող գիւղապետին գոյութիւնը շատերուն հանգիստ չէր տար:
«Միանշանակ քաղաքական ենթատեքստ ունի, եւ բնականաբար, իշխանութիւններն ամէն ինչ անում են, որ այդ ենթատեքստը չերեւայ, որովհետեւ մենք վաղուց ենք նոյն իշխանութիւնների ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ Հրաչի շուրջ անընդհատ լարուածութիւն կար՝ շատ պարզ պատճառով, ոմանց ձեռք չէր տալիս այն լայն ժողովրդականութիւնը, որ ունէր Հրաչը: Բնականաբար, այդ համայնքը բաւականին մեծ է, եւ Երեւանին այդքան մօտիկ համայնքում ընդդիմադիր կեցուածքով հանդէս եկող ոչ իրենց կուսակցութեանը պատկանող համայնքապետի գոյութիւնը շատերին հանգիստ չէր տալիս», յայտարարած է Ռուստամեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ շատեր ըսելով ճիշդ ո՛վքեր նկատի ունի, Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Հիմնականում պայքար միշտ եղել է այդ դաշտում, ոչ միայն հանրապետականների հետ: Գլխաւոր խնդիրն այն է եղել, որ փոխեն Հրաչին, եւ այդ լարուածութիւնը անընդհատ նկատւում էր նրա շուրջ: Անգամ եղել են դէպքեր, որ փորձել են ահաբեկչութեան կոնկրէտ քայլեր կատարել նրա նկատմամբ: Չկարողացան բացայայտել, թէ՝ ով: Բացի դրանից անընդհատ ստուգումներ. ինչպէս միշտ պատահում է, եթէ թեկնածուն կամ համայնքապետը մեծամասնութիւնից չէ, իշխանութեան ներկայացուցիչ չէ, ստուգումներ անպակաս են: Այսինքն հանգիստ կեանքով չի ապրել Հրաչը, եւ դա կտրել այդ ենթատեքստից ու փորձել ինչ-որ կենցաղային դաշտ տեղափոխել, նշանակում է շեղել քննութիւնը»:
«Գիւղապետը նոր էր ընտրուել, դեռ երկար ժամանակ ունէր պաշտօնավարելու, տեսան, որ չեն կարողանում ընտրութիւնների միջոցով դա կատարել, անցան յայտնի մեթոդների», նկատել տուած է Ռուստամեանը:
Նշենք, որ դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, եւ կը կատարուին շարք մը քննութիւններ։ Արդէն կատարուած է դիազննութիւն, եւ սպաննուածին աջ քունքի շրջանէն դուրս բերուած է ՏՕԶ տեսակի փամփուշտ, ինչ որ հիմք կու տայ քննչական խումբին հաւաստելու, որ գիւղապետին վրայ կրակած են ՏՕԶ տեսակի հրացանով:
Սպանութեան վայրին մէջ պարկուճի բացակայութիւնը փորձագէտները կը բացատրեն անով, որ գործուած է քիլլերային յարձակում եւ նախապէս պարկուճի թռիչքը սահմանափակուած է: Հրաչ Մուրադեանի հագուստին վրայ կրակոցի հետքեր, տուեալներ, մանրաթելեր, քաշքշուկի հետքեր յայտնաբերելու նպատակով ճշդուած է նաեւ դատաքիմիական, դատաձգաբանական, դատահետքաբանական մանրամասնիկային համալիր փորձաքննութիւն: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, տակաւին կասկածելիներ չկան։
Հրաչ Մուրադեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 Ապրիլին՝ երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Պռոշեան գիւղին մէջ: Յուղարկաւորութիւնը՝ 5 Ապրիլին, ժամը 14:00ին, Պռոշեանի պանթէոնին մէջ:
Գիւղապետի մահուան առնչուող կարգ մը մանրամասնութիւններ փոխանցուած են։

«Նիուզ»ի թղթակիցին համաձայն, գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան 2 Ապրիլի առաւօտուն կանուխ ինքնաշարժով իջած է գիւղապետարանի բակ եւ զրուցած Պռոշեանի մէջ գաճ ընող Ռադօ անունով ճանչցուած Ռադիկին հետ: Անոր ըսած է, որ պիտի երթայ թաղ եւ հաւանաբար քիչ մը ուշանայ. երբ դարձած եւ քայլ նետած է, յանկարծ ան բղաւած է «ա՜խ» եւ շրջելով ինկած Ռադիկին գիրկը: Վերջինս նկատած է, որ այդ պահուն սպիտակ գոյնի «Նիվա» մակնիշի ինքնաշարժ մը սլացած է:
Գիւղի բնակիչները «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ափսոսանքով խօսած են իրենց գիւղապետին անժամանակ մահուան մասին եւ նշած, որ ան քաղաքականացած չէր եւ երբեք իրենց քաղաքական ուղղուածութեան միջամուխ չէ եղած, իսկ ծագած խնդիրները միշտ լուծած է այնպէս, որ դժգոհ մարդ չմնայ:
Բնակիչները պատմած են, որ գիւղապետը առեւտուրներ չունի, ընդամէնը մէկ անասնապահական փոքրիկ կառոյց ունի: Միակ միջադէպը, զոր անոնք կը յիշեն իրենց գիւղապետին առնչուած, վերջին ընտրութիւններուն անոր հակառակորդին՝ ՀՀԿական երիտասարդ թեկնածու Արթուր Մուրադեանի հետ եղած միջադէպն է: ՀՀԿական երիտասարդը գիւղապետի ընտրութիւններուն պարտուած էր գործող գիւղապետին դիմաց։ Օրին լրատուամիջոցներուն կողմէ տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն, վերընտրուելուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցած է ծեծկռտուք գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի եւ անոր մրցակից Արթուր Մուրադեանի կողմնակիցներուն միջեւ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, դաշնակցական գիւղապետին ու իշխանութեան թեկնածուին միջեւ պապենական թշնամութիւն կայ, մինչեւ ընտրութիւնները անոնք ընտանեկան հակամարտութեան մէջ եղած են, սակայն նախընտրական շրջանին հանդարտ մնացած են։
Միւս կողմէ, «Նիուզ»ի կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Պռոշեանի գիւղապետարանի դիմաց սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի մասնակցութեամբ 23 Սեպտեմբերի Տեղական Ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած վիճաբանութեան առնչութեամբ քրէական գործի յարուցումը մերժուած է: Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած են, որ փաստին առիթով նիւթեր ստեղծուած են եւ 2012 թուականի Հոկտեմբեր 5ին, այդ նիւթերով որոշում տրուած է Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 35րդ յօդուածի 1ին մասի 1ին կէտի յատկանիշներով մերժել քրէական գործի յարուցումը:
Ըստ այդ յօդուածին, քրէական գործ կարելի չէ յարուցել եւ քրէական հետապնդում իրականցնել։
ՕՏԱՐԸ ՄԵԶԻ ՖԱՅՏԱ ՉՈՒՆԻ,
Ահաւասիկ ծագեցաւ Ճշմարտութեան Դակարդին ինքնութիւնը պատրաստուած Հայրենիքի Իշխանութեան կողմէ, Ժամը եկած արթնալ քունեն սթափինկ պատրաստ ըլլանք գալիկ նոր Սերունդի
ապագային խորհելով իրենց Պայքարը ձեւափոխելու Ապագային մասին բոլորովին տարբեր Ռազմարութիւն հիմնուելով Վէրջին զարգացումներուն Գիտութեան ճանապարհին,
ԽՈՒՆԿ ՈՒ ՄՕՄ ՔԱՋԱՀԵՐՕՍ ԱՆՄՕՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ,
ՀՈՂԸ ԹԵԹԵՒ ԸԼԼԱՅ ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸՆԿԵՐ- ԱՄԷՆ։