Վերջին քսանհինգ տարիներուն, ժողովրդային պոռթկումի ու յանուն ինքնորոշման եւ արդար հասարակարգի պայքարի երկու տարբեր ազդանշաններ հնչած են նոյն Փետրուար ամսուն: Առաջինը, որուն քսանհինգամեակը նոր նշեցինք, Արցախեան Ազատագրական պայքարի դրօշով յաղթանակ կերտած շարժումն էր, որուն թափը բաւարարեց զինուորական ու քաղաքական փայլուն իրագործումներով հայկական երկու անկախ պետականութիւններ պարգեւելու մեր ժողովուրդին:
Երկրորդը՝ այս տարուան Փետրուարին, նախագահական ընտրութիւններուն օրն իսկ բռնկած, ընդդէմ կեղծիքի ու անարդարութեան ոտքի ելած ժողովրդային շարժումն է, որուն յաղթանակին հետ իր յոյսը կապած է արժանապատիւ կեանքի կարօտ հայ մարդը:
Նոյն շարժումի յաղթանակին կը սպասէ ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, այլ համայն հայութիւնը, որուն համար Հայաստանը մեր ազգային իղձերու ու երազներու մարմնաւորումն է, որուն համար արդար ազգային պետականութիւնը մեր պատմական իրաւունքներու ապահովման երաշխիքն է:
Մենք՝ հեռաւոր այս ափերուն ապրողներս, կը զօրակցինք Հայաստանի մէջ արդար իրաւակարգ հաստատելու ձգտումով ճամբայ ելած շարժումին, եւ համոզուած ենք, որ մեր ժողովուրդը պիտի կարենայ իր մէջը գտնել այնքա՛ն ուժ ու վճռականութիւն, որպէսզի անպայմա՛ն իրականացնէ Փետրուարեան խորհրդաւոր երկունքով ծնունդ առած այս նոր շարժումի առաջադրանքները:
Ազգովին պատմական նոր փուլ մտանք Փետրուար 1988ին: Նոր փուլի մը սկիզբը ազդանշուեցաւ այս տարուան Փետրուարին: Ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան հաստատման փուլն է ասիկա, որուն յաղթանակին զինուորագրուած ենք բոլորս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.