ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 2012ին Հայաստանի մէջ ծնած է 41 հազար երեխայ, որ նախանցեալ տարուան ցուցանիշէն 1000ով աւելի է: 5 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Վերարտադրողական առողջութեան, պերինատալոգիայի, մանկաբարձութեան եւ գինեկոլոգիայի հանրապետական հիմնարկ»ի տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեանը։ Ան նշած է, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ յղութեան շրջանի օգնութիւնը, ծննդաբերութիւնը եւ այդ հանգրուաններու բժշկութիւնը ունին իրենց հիմնախնդիրները: «Առաջին հիմնախնդիրը մանկական եւ մայրական մահացութիւն է, ինչպէս նաեւ կանանց՝ յղիութեան ընթացքում ուղեկցուող, ներարգանդային եւ սեռական հիւանդութիւնների կանխարգելումը», դիտել տուած է Աբրահամեան: Անոր համաձայն, մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանումը աշխարհի ամէնէն արդիական առողջապահական հարցն է։
«Չնայած նրան, որ ունենք ոլորտում գրանցած յաջողութիւններ, դեռ կան չլուծուած հիմնախնդիրներ», դիտել տուած է ան՝ շեշտելով, որ եթէ տասը տարի առաջ բացարձակ յաջողութիւններ չկային, եւ մայրական մահացութիւնը կը հասնէր տարեկան 25-30ի, ապա անիկա բաւական նուազած է՝ հասնելով տարին երեք-չորս մահուան պարագայի:
«Ընդ որում, այդ երեքից չորս մահուան պատճառը ոչ թէ բուն ծննդաբերութիւնն է, այլ հիմնականում ուղեկցող հիւանդութիւնները, ինչպիսին են սիրտ-անօթային հիւանդութիւնները: Բարեբախտաբար, եթէ համեմատում ենք 2012 թուականը նախորդ տարուայ հետ, ապա ծնելիութիւնը Հայաստանում աճ է գրանցել՝ հասնելով 41 հազարի ծնունդի», հաստատած է Աբրահամեանը: Ան նշած է, որ յաջողութիւնները պայմանաւորուած են նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան վարած քաղաքականութեամբ:
«Շնորհիւ նախարարութեան՝ մենք ամէնօրեայ տեղեկութիւններ ենք ստանում նաեւ մարզերի իրավիճակի մասին», յայտնած է ան։
Արձանագրուած յառաջդիմութիւններուն կարգին ան յիշած է 2011ին մարզերուն մէջ վերանորոգուած եւ վերասարքաւորուած աւելի քան 5 ծննդատուները։
«Մեզ համար շատ կարեւոր է կանանց վերարտադրողական առողջութիւնը եւ շատ կարեւոր է նաեւ ծնուող երեխաների եւ քանակը, եւ առողջական վիճակը: Մենք պէտք է պայքարենք իւրաքանչիւր երեխայի համար», նշած է Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը՝ դիտել տալով, որ վերջին տարիներուն կառավարութիւնը աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ նախածննդաբերական եւ յետծննդաբերական հանգրուանին մօր եւ մանուկին առողջութեան, նաեւ բժշկական ծառայութեան դիմաց գանձուած գումարները մատչելի դարձնելով։ «Գնալով մատչելի են դառնում ծառայութիւնները, եւ բարձրանում է նաեւ դրանց որակը», աւելցուցած է Բաբլոյեանը:
5 Ապրիլին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կայացած է նախածննդաբերական բժշկութեան արդի հիմնախնդիրներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որուն մասնակցելու նպատակով Երեւան եկած են միջազգային մեծ ճանաչում ունեցող գիտնականներ եւ բժիշկներ:
Միջազգային գիտաժողովին նպատակն է Հայաստանի մասնագէտներուն ներկայացնել արտասահմանի փորձը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ մայրական եւ մանկական հիւանդութիւններու եւ մահացութեան նուազեցման, ինչպէս նաեւ նոր մօտեցումներու ներդրման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.