
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը:
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն փոխանցած են, որ զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են միացեալ ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ քննարկած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեամբ իրականացուելիք նոր նախագիծերուն առնչուող հարցեր, որոնք կը ներառեն տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտները:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քարէն Հիլիարտը: