
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի որոշումով, վարչապետի նշանակման համար երեսփոխանական պարտադիր երկօրեայ խորհրդակցութիւններ սկսան Ուրբաթ, Ապրիլ 5ին:
Մինչ այդ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի օր Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Թամմամ Սալամի հետ, ապա վերադարձաւ Պէյրութ՝ անմիջապէս ուղղուելով Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր ընդդիմադիր «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերը ընդարձակ նիստ մը կը գումարէին՝ նախագահութեամբ նախկին վարչապետ եւ «Մուսթաքպալ» խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի՝ քննելու համար վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն առաջադրուելիք թեկնածուին անունը:
Նիստէն ետք, Սինիորա յայտարարեց, թէ «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերը պիտի առաջադրեն Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը՝ վարչապետի պաշտօնին համար:
Սալամ, որ զաւակն է նախկին վարչապետ Սայէպ Սալամին, շնորհակալութիւն յայտնեց ու մաղթեց, որ այդ առաջարկին միանան նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերը՝ իրականացնելու համար լիբանանցիներու բարգաւաճման ձգտումները:
Հարիրի «Լիուա» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին, ինչպէս նաեւ կը մաղթէ ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին՝ բարձր գնահատելով նախագահ Սլէյմանի կեցուածքը:
Ուրբաթ օր, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, նախագահելէ ետք Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական խմբակցութեան նիստին՝ յայտարարեց, որ իր խմբակցութիւնը Թամմամ Սալամի անունը պիտի առաջադրէ՝ նախագահելու համար ազգային համախոհական կառավարութեան մը: Աւելի ուշ, իշխանամէտ ուժերու «Մարտ 8»ի համախմբումէն աղբիւր մը հաստատեց, թէ իշխանամէտ ուժերը եւս համաձայն են Սալամի թեկնածութեան: Անոնց միացաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւս յայտնեց, թէ համաձայն է Սալամի նշանակումին, պայմանաւ, որ անոր կառավարութեան մէջ ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:
Նոյն օրը, Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ մեծագոյն հարցը համախոհական ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելն է:
Այս գծով, հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել Ապրիլ 5ին նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան յղեց օրինագիծ մը, որուն մէջ ան առաջարկեց Յունիս 16ը նկատել երեսփոխանական ընտրութիւններու թուական՝ Յունիս 9ի փոխարէն: Ան նաեւ առաջարկեց թեկնածուներ առաջադրելու թուականը յետաձգել մինչեւ Ապրիլ 16: Այս առաջարկը կատարուած է հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
Մինչ իշխանամէտ ուժերը կ՛ընդդիմանան 1960ի օրէնքով ընտրութիւն կատարելու ընտրանքին, ընդդիմութիւնը այդ օրէնքը կը նախընտրէ, որովհետեւ համաձայն չէ վերջին քանի մը ամիսներուն առաջադրուած նոր օրէնքներուն: