– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ապրիլ 3ին յայտարարեց, թէ անցեալ տարուան ընթացքին Ռուսիոյ զէնքերու արտածումները 12 տոկոսով աճած են՝ հասնելով 15.2 միլիառ տոլարի, հակառակ այն իրողութեան, որ Մոսկուա կորսնցուցած էր Լիպիոյ նման զէնքերու կարեւոր յաճախորդ մը: Արտածումներուն 43 տոկոսը կատարուած են դէպի Ասիա, ուր ռուսական զէնքերու գլխաւոր յաճախորդներն են Հնդկաստանը, Վիեթնամը եւ Չինաստանը, իսկ 23 տոկոսը՝ Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի շուկաները, եւ 18 տոկոսը՝ Հարաւային Ամերիկա:
– Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, որ քրտական տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով սկսած բանակցութիւնները «խաբուսիկ» որակեց, հարց տալով, թէ վարչապետը արդեօք ի՞նչ խոստացած է «ոճրագործ Օճալանին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.