ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Ուրբաթ, Ապրիլ 5ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութեան տալուն լոյսին տակ՝ Արաբական լիկան օրինականութեան կարիք ունի: «Իսկական օրինականութիւնը կազմակերպութիւններէ չի գար, ո՛չ ալ երկրէդ դուրս եղող պաշտօնատարներէ կամ այլ երկիրներէ: Օրինականութիւնը ժողովուրդը կու տայ. ատկէ բացի՝ բոլոր այս թատերգութիւնները մեզի համար անարժէք են», կ՛աւելցնէ ան:
«Հայաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներէ՝ հաղորդեց, որ շարք մը արաբական երկիրներ ՄԱԿի մէջ Սուրիոյ ներկայացուցչութիւնը կառավարութենէն խլելու ջանքերուն նախաձեռնած են: Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սկսած են Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութեան յանձնելու նպատակով բանաձեւի մը մանրամասնութիւնները քննելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.