ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Բազմահազար պաղեստինցիներ Հինգշաբթի, Ապրիլ 4ին մասնակցեցան իսրայէլեան բանտի մը մէջ մահացած պաղեստինցի Մայսարա Ապու Համտիէի յուղարկաւորութեան: Համտիէ քաղցկեղէ կը տառապէր եւ իսրայէլեան իշխանութեանց անտեսումին պատճառով մահացած էր: Պաղեստինեան գերիներու եւ ազատագրուածներու հարցերով նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած է, թէ իսրայէլեան բանտերուն մէջ կացութիւնը կը շարունակէ վտանգաւոր մնալ: Նշենք, որ Համտիէի մահուան լուրի տարածումէն ետք՝ իսրայէլեան բանտերու մեծ մասին մէջ, պաղեստինցի բանտարկեալներու եւ իսրայէլացի բանտապահներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հինգշաբթի առաւօտեան Աշքոլի դէմ Կազայէն հրթիռ մը արձակուած է: Երուսաղէմի մէջ քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Կազայի դէմ կատարուած վերջին գործողութենէն ետք, որոշած է չարտօնել վերադարձը այն կացութեան, ուր հարաւային Իսրայէլը «կաթիլ առ կաթիլ» ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Եգիպտոս ճնշում բանեցուցած է «Համաս»ի վրայ, եւ այդ իսկ պատճառով, վերջինս ձերբակալած է Իսրայէլի դէմ հրթիռ արձակողները: Իսրայէլեան աղբիւր մը նշեց, որ «Համաս»ը Եգիպտոսի ճամբով Թել Աւիւի փոխանցած է պատգամներ, թէ ինք յանձնառու կը մնայ զինադադարին, առնչակից չէ ատոր խախտումին եւ աշխատանք պիտի տանի ատոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու: Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Իսրայէլի հասարակութեան մտահոգութիւնը փարատելու փորձով մը հաղորդեց, թէ «Համաս» յանձնառու է զինադադարին եւ այդ արարքները գործողներու ձերբակալման արշաւի մը ձեռնարկած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.