ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան պետական աղբիւրներ իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ իրենք չեն նախատեսեր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Միջին Արեւելք իր այցելութեան ընթացքին իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն խաղաղութեան նոր ծրագիր մը ներկայացնէ՝ նշելով, որ ան այժմ իր ջանքերը պիտի կեդրոնացնէ երկու կողմերը բանակցութեան սեղան վերադարձնելու գործին վրայ:
Քերի շաբաթավերջին Ուաշինկթընէն պիտի մեկնի Պոլիս, ուր, ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտի՝ ան պիտի քննէ զանազան հարցեր, ներառեալ՝ Սուրիոյ տագնապը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Քերիի հետ պիտի քննէ յատկապէս «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումի զոհերուն հատուցման հարցը:
Քերի Ապրիլ 8-9ին պիտի այցելէ Երուսաղէմ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, ապա՝ Ռամալլա, խորհրդակցելու համար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:
Մինչ այդ, Քերի, խօսելով Եգիպտոսի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ յայտնեց. «Վերջին շաբաթներուն մեծ ջանք թափեցինք՝ փորձելով եգիպտական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը իրարու մերձեցնել»: Ան աւելցուց, որ Օպամայի վարչակարգը «Եգիպտոսի ներկայ ընթացքին նկատմամբ իսկական մտահոգութիւն ունի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.