ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 5ին հաղորդեց, թէ Մարտ ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը գոյացուցած է միայն 88,000 աշխատատեղի, ինչ որ ակնկալուած 200,000էն շատ փոքր էր: Նախորդող վեց ամիսներուն ընթացքին, տնտեսութիւնը իւրաքանչիւր ամիս կրցած էր միջին հաշիւով 196,000 աշխատատեղի գոյացնել:
Միաժամանակ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մեծ թիւով ամերիկացիներ դադրեցուցած են աշխատանքի փնտռտուքը՝ անգործութեան համեմատութիւնը 7.6 տոկոսի իջած է Մարտ ամսուան ընթացքին, Փետրուարին արձանագրուած 7.7 տոկոսին փոխարէն:
Մարտ ամսուան ընթացքին աշխատանքի կարելիութիւններ գոյացած են հաշուապահական, առողջապահական ու շինարարական մարզերուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.