ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առատութեան այս դարուն երբ ամէն ինչի տեսականիները այնքան շատ են՝ կերակրատեսակներ, հանդերձեղէններ, գործիքներ… եւ… եւ… անհամար թիւով իւրաքանչիւր առարկայէն, որոնք շուկաները վերածած են խառնիճաղանճի: Այս բազմազանութեան զոհերը կը դառնան յաճախ անոնք, որոնք շատ բծախնդիր ըլլալու հետ, նաեւ դժուարաւ որոշում կայացնելու խնդիր ունին: Անոնք կը շփոթին յատկապէս, երբ շա՜տ քիչ տարբերութիւն ըլլայ նոյն բնոյթի սակայն երկու տեսակի առարկաներու միջեւ: Անոնցմէ մէկուն երբեմն աննշան մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը անել կացութեան կը մատնէ զիրենք եւ չեն կրնար ընտրութիւն կատարել…:
Այսքան նիւթական առատութեան մէջ սակայն, ամէնէն աւելի առատ «իր»ը մարդն է: Որովհետեւ անոր տեսականին ալ բազմազան դարձած է: Այստեղ խօսքը անշուշտ ցեղային ու ազգային տարբերութիւններուն եւ պատկանելիութիւններուն, կամ անուն մականուններու այլազանութիւններու մասին չէ՛, ո՛չ ալ մորթային տարբեր գունաւորումներուն կամ կազմախօսական երեւոյթի արտաքին ձեւաչափերուն մասին, այլ ներքին՝ հոգեկան կազմաւորման խմորումներու, դաստիարակչական ենթահողի ու պատրաստութեան եւ մանաւանդ մտածողութեան ու վարուելակերպի մասին է անդրադարձը:
Մարդու տեսականիին շատացումը նոր չեղաւ: Բնականաբար այսօրուան յառաջադէմ աշխարհը կարելի չէ՛ բաղդատել մութ ու խաւար դարերուն հետ, երբ շատ աւելի սահմանափակ միջոցներ ու շրջագիծ ունէր մարդուն կեանքը: Հաղորդակցութեան դանդաղութիւնը, ընկերային փակ սահմանները եւ շատ ուրիշ պատճառներ անհնարին դարձուցած էին օտարականներու հետ շփումները, որոնց օրինակին նայելով կարելի պիտի ըլլար բազմացնել մարդու տեսականին: Գիւղացին իր գիւղին մէջ ամփոփուած, քաղաքներու դեռ ոչ այնքան ճոխ շուկան կամ ընկերային կեանքը, բնականաբար սահմանափակ թիւով մարդու տեսականի պիտի արտադրէին:
Նոյնիսկ այդ նախնական դարերուն սակայն, մարդիկ իրարմէ տարբերող, ու նոր տեսականիներ հրապարակ հանող պատճառներէն մէկը, անոնց տեսակէտներուն իրարմէ ունեցած տարբերութիւնն էր:
Իսկ այսօր…
Իւրաքանչիւր մարդու ստացած ընտանեկան թէ ընկերային դաստիարակութիւնը, ունեցած բարեկամական շրջանակը, տակաւին ստացած ուսումն ու կատարելագործած մասնագիտութիւնը, դեռ՝ խօսքի ազատ բեմերը համացանցի հասարակաց էջերուն վրայ, իւրաքանչիւր մարդու «մազին գոյնը» ի յայտ բերին, ու տեսակէտներու բազմազանութիւն հրամցուցին մարդկութեան:
Տարբեր տեսակէտներ ունեցող մարդոց միլիոնաւոր օրինակներուն մէջէն պէտք է առանձնացնել երեք տեսակներ, որոնք խենթութեան համազօր պիտի նկատուին, եթէ խոր վերլուծման ենթարկել կարելի ըլլայ անոնց հոգեբանական կարգավիճակը:
Սկիզբէն պէտք է յայտարարել, թէ տեսակէտներու միջեւ տարբերութիւն ըլլալը, եթէ որոշ չափով «խանգարում» կը յառաջացնէ մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ, սակայն տգեղ կամ անընդունելի կացութիւն չէ՛: Ատիկա ամէնէն աւելի ժողովրդավար ու արդար ըլլալու նշան է, որ այսօրուան աշխարհը «Մարդկային Իրաւունքներ» անունին տակ պաշտօնականացուցած է ու վաւերացուցած:
Տեսակէտներու տարբերութիւն ունեցող անձերուն մէջէն առանձնացուած երեք տեսակներն են հետեւեալները.
ա- Ուրիշին տեսակէտները անարգող անձերը,
բ- Իրենց տեսակէտները չփոխող անձերը,
գ- Իրենց տեսակէտները փոխել չուզող անձերը:
Այս երեք տեսակները մօտաւորապէս խենթութեան համազօր կը նկատուին: Մինչ առաջինը յստակ է, վերջին երկուքն ալ ոմանք կրնան շփոթել իրարու հետ: Սակայն երեքին մէջ ալ հսկայ տարբերութիւններ կան:
Առաջինը այն անձն է, որուն համար ուրիշին տեսակէտը կարեւորութիւն չի՛ ներկայացներ բնաւ: Անիկա հետաքրքրուած ալ չէ՛ թէ ուրիշներ ի՞նչ տեսակէտ կը պարզեն այս կամ այն հարցին առնչութեամբ: Ասոնք կուրութեան հասած «խենթեր»ն են, որոնց ուշադրութիւնը միայն իրենց տեսակէտին վրայ կեդրոնացած է: Այս տեսակ մարդիկ յաճախ զոհ կ՛երթան իրենց անշրջահայեացութեան, որովհետեւ կը զրկուին ուրիշներու առողջ տեսակէտներէն եւ յանկարծ կը հարուածուին ու կը տուժեն:
Երկրորդ տեսակի «խենթեր»ուն մէջ դրական երեւոյթի կը հանդիպինք: Ասոնք որոշ իմաստով ինքնավստահ ու փորձառու մարդիկ են, որոնք գիտեն, թէ ինչ կ՛ըսեն այս կամ այն հարցին մասին: Անոնք պատրաստ կ՛ըլլան բանակցութեան, լսելու ուրիշներուն արտայայտած տեսակէտները, նոյնիսկ գնահատելու զանոնք: Միակ թերութիւնը ասոնց պարագային այն է, որ երբեմն իրենց ականջները կը փակեն, ու շուտով վերջնական կը նկատեն այն, որ տակաւին վիճարկումի կարելի էր ենթարկել: Հաստատակամութիւնը այստեղ կը փոխակերպուի աճապարանքի, երբեմն ամբարտաւանութեան, որոնք նաեւ սխալներ թոյլ կու տան եւ դարձեալ կացութեան զոհեր կ՛արձանագրուին երկուստէք:
Երրորդ տեսակի խենթերը պէտք է ներկայացնել ձեզի առանց չակերտներու: Որովհետեւ իսկապէս մինչեւ որոշ աստիճան կարելի է համեմատել զանոնք իսկական խենթերու հետ: Ասոնք չեն գիտնար իրենց տեսակէտներուն ճիշդ կամ սխալ ըլլալը, սակայն բնաւորութեան այն գիծը, զոր ժառանգած կ՛ըլլան, կը հաւաստիացնէ զանոնք, թէ անսխալական են իրենք…:
«Իշու յամառութիւն» կը կոչէ ժողովուրդը երբեմն այս մօտեցումը, որովհետեւ նշուած չորքոտանիին նման ասոնք ալ կը քարացնեն իրենց տեսակէտներուն «չորս ոտքերը», ու ամէն շարժում կ՛անդամալուծեն: Ասոնք չեն փակեր իրենց ականջները, այլ ընդհակառակը, անընդհատ կը վիճին մէկ կիզակէտի վրայ պահած իրենց հայեացքը՝ իրենց անփոփոխելի տեսակէտին…:
Անշուշտ դժբախտութիւն է այս իրավիճակը տուեալ անձերուն համար, որոնց կացութիւնը կարելի է համեմատել կոյր, խուլ ու համր դիւահարի վիճակին: Որովհետեւ տեսակէտներու տարբերութեան պատճառով ստեղծուած շինիչ ու դրական խօսակցութիւնը անոնք կրնան վիճաբանութեան ու կռիւի փոխել, միշտ հեռանկար ունենալով իրենց տեսակէտին պարտադրումը ու իրենց վերջնական յաղթանակը: Հայհոյութիւն ու ծեծկռտուք, մեծի հանդէպ նուազագոյն յարգանքի պակաս, ամէնէն սովորական երեւոյթներն են այս երրորդ տեսակի մարդոց մօտ: Իսկ եթէ սպանութիւն չգործեն, բարիով աւարտած պէտք է նկատել խնդիրը:
Ահա թէ ինչո՛ւ իսկական խենթերու հետ համեմատելի կը գտնենք այս երրորդ տեսակի մարդոց հոգեբանական կացութիւնը: Այսպիսի մարդիկ, որոնք սովորական կը կարծուին արտաքնապէս բայց այդպէս չե՛ն: Բնաւ պէտք չէ՛ հարցնել անոնց ունեցած տեսակէտը այս կամ այն հարցին գծով…: Պէտք է նոյնիսկ շուտով փակել անոնց հետ անակնկալ զուգադիպութեամբ սկսուած վիճաբանութիւնը, սկիզբէն իսկ յաղթանակի դրօշը անոնց ձեռքը տալով: Կ՛արժէ տեսնել այդ պահուն անոնց ունեցած մանկական ուրախութիւնը: Ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն հրաժարիլ անկէ, վիճաբանութիւնը շարունակելու ձեռնոց նետելով, իր դիմաց կանգնած եւ այլ տեսակէտ արտայայտելու յանդգնութիւնը ունեցած անձին: Իմաստութիւն է հեռանալ ու պարտուած երեւիլ այսպիսիներու դիմաց, այն վստահ համոզումով, թէ անոնց խենթ ու յամառ կեցուածքը ինքնին պիտի կործանէ զիրենք…: