
ՊՈԼԻՍ.- «Գարակէօզեան Տուն»ը, որուն հիմնադրութեան հարիւրամեակը այս տարի կը տօնախմբուի Պոլսոյ մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է համայնքային կեանքին մէջ։ Որբանոցին մէջ մօտաւորապէս դար մը առաջ ապաստանած էին 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ մանուկներ:
Խօսելով «Գարակէօզեան Տուն»ի մասին՝ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Երկար տարիներ ապահով բոյն ու տաքուկ երդիք հանդիսացաւ Իսթանպուլահայութեան անապահով ու չքաւոր ընտանիքներու զաւակներու, միակողմանի կամ երկկողմանի ծնողազուրկ երախաներու համար։ Այս վարժարանէն հասան այնպիսի անձեր, որոնք թէ՛ մօտիկ անցեալին եւ թէ ներկայիս իրենց դրոշմը թողած են ու կը թողուն՝ համայնքային իրենց կարեւոր գործունէութեամբ ու զանազան հաստատութիւններէ ներս իրենց ստանձնած պաշտօններով։
Խնամակալութիւնն ու վարժարանի պատասխանատուները, հարիւրամեակի յոբելենական յանձնախումբի անդամները շատ տեղին գաղափար մը կեանքի կոչեցին՝ մանուկներո՛ւն ձօնելով, քաղաքիս հարիւրաւոր մանուկները ուրախացնելով, անոնց որպէս Ս. Զատկուան նուէր յանձնելով համերգ մը, որուն «հերոս»ը բոլոր երախաներու սիրելին էր՝ մանկական երգերու ամերիկահայ երգչուհի Թալինը»։
Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, Թալին եւ իր ընկերները զոյգ համերգներով ներկայացան պոլսահայ փոքրիկներուն։ Կազմակերպիչ յանձնախումբի ճշդած ժամանակացոյցին համաձայն, 2-8 տարեկան մանուկներ առաջնորդուեցան Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոն, ուր համերգասրահի մուտքը, բեմի յառաջամասը զարդարուած էին մանուկներուն հաճելի երեւցող գոյնզգոյն փուչիկներով, «սրահին մէջ մանկական երգերը կը թեւածէին ու տղաքը կը նախապատրաստէին Թալինի հետ հանդիպման»։
Համերգը սկսելէ առաջ, հսկայ պաստառի մը վրայ յոբելենական յանձնախումբի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնուէր հովանաւորներուն, հարիւրամեակի բոլոր միջոցառումներու հովանաւոր, խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, աջակից հաստատութիւններուն եւ անհատներու։
Համերգը իր ներկայութեամբ պատուեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարընը, «Գարակէօզեան»ի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու յոբելենական յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեանը։
Բացման խօսքը արտասանեց Մանկանց վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, որ նշեց, թէ երգը լեզու մը սորվելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, հաղորդակցելու, իրար ճանչնալու կարեւոր աղբիւր մը, ուստի ուրախ էին որ 100ամեակի միջոցառումները կը բացուէին երգահանդէսով մը։ «Վստահ ենք, որ Թալինի համերգը Զատկուայ գեղեցիկ նուէր մըն է մեր համայնքի մանուկներուն համար եւ երախտապարտ ենք խնամակալութեան ու կարգադիր յանձնախումբին, որոնք այս առիթը ստեղծեցին Իսթանպուլահայ երախաներուն համար», դիտել տուաւ Տնօրէնուհին:
«Բեմը պարպուեցաւ եւ տղաքը ուրախ պոռչտուքներով դիմաւորեցին իրենց սիրելի երգչուհին։ Իսթանպուլահայ ընտանիքներու՝ Թալինի հետ ծանօթութիւնն ու կապը հաստատուեցաւ հայերէն մանկական երգերու միջոցաւ։ Հարիւրաւորներ այդ երգերով մեծցուցին իրենց զաւակները, հայերէն առաջին բառերը արտասանուեցան այդ գեղեցիկ երգերու հնչիւններու ներքեւ, տղոց համար ամէնօրեայ ապրումներու անփոխարինելի մէկ զբաղումը դարձաւ դիտել Թալինի սկաւառակները, երգերը գոց սորվիլ, սիրել ո՛չ միայն Թալինը, այլ նաեւ իր ընկերները…։ Եւ հիմա երազ մըն էր որ կ՛իրականանար։ Թալին բեմի վրայ էր, իրենց համար կ՛երգէր ու շատեր զարմանքով կամ ապշահար կը դիտէին զայն ու իր ընկերները՝ Նապիկը, Կատուն, Անուշիկ Լարան եւ Ծաղրածուն, որ աւելի վերջ երեւցաւ», կը նկարագրէ «Մարմարա»։
Համերգներէն ետք, երգչուհի Թալին եւ հէքեաթներու հերոսները լուսանկարուեցան տղոց հետ, մինչ անդին փափաքողներուն կը բաժնուէին Թալինի «Տի.Վի.Տի»ները: