
«Զաւարեան մատենաշար»ի Ա. շրջանի թիւ 3ը Լեւոն Շանթի «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» 128 էջնոց գիրքն է, զոր այսօր իր թուայնացուած տարբերակով կը դնենք հանրութեան տրամադրութեան տակ:
Աշխատասիրութիւնը կը սկսի «Ներածական»ով մը, ուր կը բացատրուի ազգութեան գաղափարը, կը գնահատուի ազգային զգացումը եւ այլն: «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» գիրքը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնն ու ենթաբաժանումները.
Ա. Ներածական
Բ. Բնութեան ու պատմութեան բերած տարբերութիւնները
Գ. Քաղաքակրթական երեւոյթներու բերած տարբերութիւններ
Դ. Ժողովուրդներու անհատականութիւնը
Ե. Հաշմ ու հիւանդ ժողովուրդները
Զ. Ընկերային գործարանաւոր մարմինը
Է. Ընկերային մարմինը սրբագրելու ճիգեր
Ը. Ազգ ու պետութիւն
Թ. Ազգ, ընտանիք, պետութիւն
Ժ. Ազգերու դաշնակցութիւնը.
Շանթին սոյն հատորը հրատարակուած է Զաւարան Ուսանողական Միութեան 75ամեակին առիթով՝ 1979ին:
Այս աշխատասիրութիւնը առաջին անգամ տպուած է 1922ին՝ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, ապա՝ Շանթի ամբողջական երկերուն Ե. հատորին մէջ:
Գիրքին թուայնացուած տարբերակը տեղադրուած պիտի ըլլայ ԶՈՄի կայքի «Հրատարակութիւններ/մատենաշար» բաժինին մէջ:
ԶՈՄի կայքի հասցէն է.
www.zavarian.org