
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախաար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Սուրիոյ նախագահի յատուկ բանագնաց դեսպան Ատնան Մահմուտը։ Նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցած են, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ատնան Մահմուտ ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, զինեալ բախումներու հանդարտեցման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը։
Էդուարդ Նալբանդեան խոր մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող ճգնաժամին եւ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակին առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ այդ բոլորէն լրջօրէն կը տուժէ երկրի քաղաքացիական բնակչութիւնը, նաեւ՝ սուրիահայութիւնը: Ան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ կարգաւորման միակ ուղին Սուրիոյ հասարակութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ երկխօսութիւնն է եւ յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ ելք գտնել ստեղծուած իրավիճակէն եւ համերաշխութիւն ու կայունութիւն հաստատել երկրին մէջ։
Nice Visit about the time!!!!