– Ապրիլ 9ին, 6.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հարաւային Իրանը, որուն հետեւանքով մահացաւ առնուազն չորս հոգի: Երկրաշարժը, որ տեղի ունեցած է Իրանի հիւլէակայանէն մօտաւորապէս 55 մղոն հեռաւորութեան վրայ, զգացուած է նաեւ Քաթարի եւ Պահրէյնի մէջ: Իրանի հիւլէակայանը կառուցած ռուսական ընկերութեան համաձայն՝ կայանը վնաս չէ կրած:
– Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան պատուիրակութեան մը Ապրիլ 11-12ին կայանալիք Թուրքիա այցելութիւնը յետաձգուած է մօտաւորապէս 10 օրով: Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը պիտի քննէր «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին զոհ գացած թուրք գործիչներու ընտանիքներուն վնասուց հատուցման հարցը:
– Եթէ ներկայ իրավիճակը անփոփոխ մնայ, կ՛ակնկալուի, որ 2015ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հրազէններով մահացողներու թիւը շրջանցէ ինքնաշարժի արկածներով մահացողներունը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.