ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուրական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը իր պատասխանը տուած է Ապտուլլահ Օճալանի նամակին, որուն բովանդակութիւնը տակաւին յայտնի չէ։ Անոնք Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերի հետ անցնող շաբաթավերջին ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին շեշտած էին, թէ ղեկավարութիւնը ընդհանրապէս կողմնակից է Օճալանի առաջարկներուն, բայց մտահոգութիւններ ունի քիւրտ զինեալները Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս բերելու խնդիրի իրականացման կապակցութեամբ։
Տեմիրթաշ եւ Էօնտեր Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումներ ունենալէ ետք, Երկուշաբթի, Ապրիլ 8ին դարձեալ հանդիպում մը ունեցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Հիւսիսային Իրաքի ղեկավարութեան հետ՝ անոնցմէ ստանալով Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցուելիք նամակը։ Նամակը փակ պահարանի մէջ էր եւ երկու պատուիրակները, առանց կարդալու, զայն պիտի յանձնեն նախարարութեան, որպէսզի անիկա, իր կարգին՝ յանձնէ Ապտուլլահ Օճալանին։ Նախարարութիւնը քանի մը օրուան ընթացքին նամակը պիտի հասցնէ Օճալանին, որմէ ետք Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը հաւանաբար դարձեալ Իմրալը երթայ՝ Օճալանի հետ խորհրդակցելու համար:
Հիւսիսային Իրաքի զուգահեռ, աշխատանք կը տարուի նաեւ Եւրոպայի մէջ՝ ստանալու համար Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Եւրոպայի ճակատի ղեկավարներուն պատասխանը։ Այս մարզէն ներս աշխատանք կը տանի քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Փերվին Պուլտան, որ Պրիւքսէլի մէջ Օճալանի նամակը յանձնեց Եւրոպայի ղեկավարներուն, իսկ անոնց պատասխան նամակը ետ պիտի բերէ:
Դժուար է հասկնալ, թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ այս նոր գործընթացի վարագոյրին ետին։ Կան ընդդիմադիրներ, բնականաբար, որոնք զանազան պատրուակներով դէմ կու գան այս գործընթացին: Կան նաեւ շրջանակներ, որոնք անհանգիստ են Օճալանի հետ բանակցելու որոշումէն: Փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ քանի մը օր առաջ, խօսքը ուղղելով ընդդիմադիրներուն՝ ըսաւ. «Երկու ամիսէ ի վեր մէկ հոգի չմեռաւ. ասիկա կ՛անհանգստացնէ՞ ձեզ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.