
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Հաստատելով այն, ինչ ամիսներէ ի վեր կը պնդուէր, Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմադիրներուն մէջ ամէնազդուն նկատուող «Ճապհաթ Նուսրա» ծայրայեղ իսլամականներու կազմակերպութիւնն ու Իրաքի «Քայիտա»ն Երեքշաբթի, Ապրիլ 9ին յայտարարեցին, թէ միացեալ ճակատ մը կը ներկայացնեն՝ աւելցնելով, թէ «Ճապհաթ Նուսրա»ն պարզապէս մէկ մասն է «Իրաքի իսլամական պետութեան» (Իրաքի «Քայիտա»ն ինքզինք այս անունով կը կոչէ): Այսուհետեւ, որոշուած է միացեալ կազմակերպութիւնը կոչել «Իրաքի եւ Դամասկոսի (Շեմ) իսլամական պետութիւն»:
Այս յայտարարութիւնը վստահաբար պիտի բարդացնէ Սուրիոյ ընդդիմութեան նեցուկ կանգնողներուն վիճակը, որոնք այսուհետեւ պիտի գտնուին «Քայիտա»ին նեցուկ կանգնելու յանցանքնով ամբաստանուելու վտանգին տակ:
Բարձրաստիճան իրաքցի պաշտօնատար մը Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Պաղտատ արդէն իսկ վստահ էր, որ «Ճապհաթ Նուսրա»ն կը ղեկավարուէր Իրաքի «Քայիտա»ին կողմէ: Պաղտատի իշխանութիւնները նաեւ կը քննեն Սուրիոյ սահմանակից շրջանները գտնուող Իրաքի «Քայիտա»ի կարգ մը դիրքեր անօդաչու օդանաւերով ռմբակոծելու նպատակով՝ ամերիկեան իշխանութիւններուն դիմելու կարելիութիւնը:
Յայտնենք, թէ «Ճապհաթ Նուսրա»ն պատասխանատու կը նկատուի Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ, Կեդրոնական դրամատան շէնքին դիմաց տեղի ունեցած ահաբեկչական այն արարքին, որուն զոհ գնաց առնուազն 15 հոգի: Անոր զինեալները, Իրաքի «Քայիտա»ին հետ գործակցելով՝ Իրաք-Սուրիա սահմանային շրջանի մը մէջ, Մարտ 4ին, սպաննած էին 48 սուրիացի զինուորներ:
Միւս կողմէ, Գերմանիա այցելող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի օր, Հենովըր քաղաքին մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին առնչակից կողմերուն զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու:
Մերքել, իր կարգին, կոչ ուղղեց սուրիական հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու՝ աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք թափել Սուրիոյ մէջ «մարդկային ահաւոր կորուստները» արգիլելու: Ան նաեւ շեշտեց քաղաքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ տակաւին ընթացք չէ առած:
Պատասխանելով այն քննադատութեանց, թէ Ռուսիա Դամասկոսի զէնք մատակարարելէն չի դադրիր՝ Փութին ըսաւ. «Մենք, գոնէ, զանոնք օրինական վարչակարգի մը կը մատակարարենք, եւ չկայ որեւէ միջազգային որոշում, որ այդ մէկը կ՛արգիլէ, սակայն պատրաստ ենք բոլորին հետ ժողով գումարելու՝ քննարկելու համար այս արիւնալի ջարդէն դուրս գալու միջոցները»: Ան աւելցուց, որ ինք Մերքելին բացատրած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքը:
Իր կարգին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը քննարկելու համար կազմուած խմբակը Կիպրոս կը գտնուի եւ պատրաստ է 24 ժամուան մէջ այդտեղ տեղակայուելու՝ աւելցնելով, որ խմբակը ուղարկելու համար՝ «սուրիական կառավարութեան արտօնութեան կը սպասենք»: Իսկ Դամասկոս կը շեշտէ, թէ քննիչները պէտք է հետապնդեն միայն Հալէպ նահանգը տեղի ունեցած քիմիական յարձակումը, մինչ կարգ մը արեւմտեան պետութիւններ կը պահանջեն, որ ՄԱԿի քննիչները հետապնդեն նաեւ ընդդիմադիրներուն կողմէ հաղորդուած քիմիական զէնքերու գործածութեան մասին ամբաստանութիւնները:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Կար-տիըն» թերթը հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»ը Յորդանանի իր ռազմակայաններուն մէջ սուրիացի փոքրաթիւ ընդդիմադիրներ մարզած է՝ նպատակ ունենալով զանոնք օգտագործել իսլամ ծայրայեղական զինեալները Կոլանի իսրայէլեան դիրքերէն հեռացնելու նպատակին համար: Իր կարգին, «Սքայ Նիուզ»ի արաբական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Կոլանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու պահպանումը երաշխաւորելու աշխատանք կը տանի:
Նաեւ, Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի ստանայ երկրի կառավարութեան համաձայնութիւնը՝ սուրիական տնտեսութիւնը քայքայող թրքական քանի մը ընկերութիւններ պոյքոթի ենթարկելու նպատակով յատուկ գրասենեակ մը ստեղծելու: