
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 14ին, կ.ե. ժամը 2-5, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ» կազմակերպութեան ջանքերով կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ յայտնի դաշնակահար Արմէն Կիւզելիմեան: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Յովսէփ եւ Հիլտա Ֆիտանեաններու բնակարանը:
Աշխարհահռչակ նուագախումբերու եւ յօրինողներու հետ գործակցած դաշնակահարը կը դասաւանդէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Թոռնթըն» երաժշտանոցին, Արեւմուտքի երաժշտական ակադեմիոյ, «Իսթմըն» երաժշտանոցի, «Լոյոլա» համալսարանի ու շարք մը այլ երաժշտանոցներու մէջ:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական երաժշտութեան ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով կազմակերպուող սոյն ձեռնարկին մուտքը ազատ է, սակայն կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով (818) 249-3330 կամ (626) 282-5295 թիւերուն: