
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» Երեքշաբթի, Ապրիլ 6ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ 80 տարեկաին իր մահկանացուն կնքած է «Պիզնըս Լայֆ»ի հրատարակիչ ու համայնքային ղեկավար Ճան Գրիգորեանը: Ան մահացած է Շաբաթ, Ապրիլ 6ին՝ սրտի կաթուածով:
Յիշեցնենք, թէ 2011ի վերջերուն Ճան Գրիգորեան, Կլենտէյլի հրշէջներու միութեան կողմէ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, ուշքը կորսնցուցած էր, սակայն սրահը գտնուող փրկարար ջոկատներու անդամները փրկած էին անոր կեանքը:
«Շնորհակալ ենք Կլենտէյլի հրշէջներու միութեան, որ մեզի շնորհեց իրեն հետ մէկ ու կէս տարի եւս ապրելու կարելիութիւնը», կը յայտնէ Ճան Գրիգորեանի որդին՝ Կրեկ Գրիգորեանը, որ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ է:
Ճան Գրիգորեան ծնած է Հարթֆըրտ (Քընեթիքեթ), 1932ի Օգոստոս 24ին, ու զաւակն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրած որբերու: Միացեալ Նահանգներու բանակին ծառայած է 1950ականներուն, երբ երկիրը Քորէական պատերազմին մէջ կը գտնուէր: Ան Էլիզին հետ ամուսնացած է 1956ին, եւ բախտաւորուած է 8 զաւակներով ու 23 թոռներով: Ճան Գրիգորեան Կլենտէյլ հաստատուած է 1989ին:
Վերջին 23 տարիներուն, «Պիզնըս Լայֆ»ը հրատարակելուն կողքին, Ճան Գրիգորեան եղած է Լոս Անճելըս գաւառի փոքր գործարարութեանց յանձնաժողովի ու Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի խորհրդատու մարմինի անդամ, ինչպէս նաեւ՝ կամաւոր սպասարկութիւն տրամադրած է Փասատինայի Յատուկ ողիմիականներու մարմինին:
Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Քարլ Ռեճիօ, ամբողջ քաղաքին համար կորուստ մը կը նկատէ Ճան Գրիգորեանի մահը՝ Գրիգորեանը նկատելով «նուիրումի օրինակ մը»: