ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 22-24 Ապրիլին կայանալիք Համահայկական երիտասարդական համաժողովը պիտի ըլլայ կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը հայ երիտասարդութեան համար՝ սիրելու, արժեւորելու եւ տարածելու մայրենի լեզուն: 10 Ապրիլին այս արտայայտութիւնը ունեցած է սփիւռքի փոխնախարար Վահէ Ջիլաւեանը։
«Համաժողովի քննարկումները տեղի են ունենալու երեք թեմատիկ ուղղութիւններով. Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ առկայ խնդիրները, լեզուամշակութային եւ երիտասարդութեան հիմնախնդիրները», դիտել տուած է ան։
Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ա. Մխիթարեան հանգամանալից կերպով ներկայացուցած է ծրագիրը՝ նշելով, որ այդ համաժողովը նկատի առնուած է Հայաստանի 2013ի գերակայ խնդիրներու շարքին:
Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի շուրջ 500 երիտասարդներ: Ապրիլ 24ին համաժողովի մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդ այցելելէ ետք պիտի մասնակցին նաեւ մեծ ծառատնկումին: Ա. Մխիթարեան դիտել տուած է, որ համաժողովի կազմակերպման համար սփիւռքի նախարարութիւնը կը համագործակցի աւելի քան 30 համահայկական երիտասարդական կառոյցներու հետ:
Ներկայացուած են նաեւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող միւս երիտասարդական ծրագիրները՝ «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառային դպրոցը, անոնց մասնակցութեան պայմանները եւ դիմում ներկայացնելու վերջնական ժամկէտը։ Նշենք, որ սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի կը սպասէ, որ «Արի Տուն» ծրագրին մասնակցողներու թիւը գերազանցէ 900ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.