ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի այսպէս կոչուած «թէժ օրակարգ»ին կիզակէտը ըլլալու իր ուժականութիւնը զգալապէս կորսնցուց ժողովրդային բողոքի յաղթական շարժումը, որ Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեան օրը հասած էր, քուէի ուժով, իր յաղթարշաւի գագաթնակէտին։
Նաեւ կասկածէ վեր է, որ տակաւին երկար ժամանակ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ իր առաջնահերթ տեղը պիտի շարունակէ զբաղեցնել քննարկումը այն կնճռոտ ու ցաւոտ հարցադրումին, թէ ո՞վ կամ որո՞նք յաջողեցան այսպէ՛ս անելի մատնել ժողովրդային բողոքի շարժումը եւ կրցան…
– Լուսանցքային օրակարգի վերածել Հայաստանի պետական կառավարման համակարգը իրաւականօրէն ու ժողովրդավարականօրէն արմատական բարեկարգման ենթարկելու, պետութիւն–ժողովուրդ խորացող խրամատը յաղթահարելու անյետաձգելի հրամայականը։
– Իշխանութեան շահերուն վահանը դարձած Օրէնքը անձեռնմխելի հռչակել եւ, աւելի՛ն, հրատապ իր նշանակութենէն պարպել պետական այս համակարգին քաղաքական խաթարուածութեան անբուժելի արատը վիրահատելու մարտահրաւէրը։
– Ժողովուրդը զրկել Հայաստանի Հանրապետութեան իրապէ՛ս եւ լիարժէ՛ք տէր կանգնելու, մանաւանդ սեփական պետութիւնը ամբողջապէ՛ս ազատ ու անկախ դարձնելու անբռնաբարելի Իրաւունքէն։
Պարզ ու ժողովուրդի լեզուով՝ Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքը թեւակոխած է մրցապայքարի նոր փուլ, ուր գլխաւոր անծանօթը եւ անյայտը դարձեալ նոյնինքն ժողովրդային բողոքի՝ դժգոհութեան ու ծառացումի շարժումն է, որ իր Իրաւունքը կը պահանջէ եւ չի վարանիր մարտահրաւէր կարդալու իշխանութեան Օրէնքը ամէն բանէ վեր դասող քաղաքական ուժին։
Մրցապայքարի ներկայ փուլին գլխաւոր առանձնայատկութիւնը ճիշդ այս առճակատումն է՝ մէկ կողմէ ժողովուրդի Իրաւունքին եւ միւս կողմէ իշխանութեան Օրէնքին միջեւ։
Բայց չէ՞ որ քաղաքական կեանքի մէջ ամէն օրէնք իր վաւերականութիւնը կը ստանայ, պէ՛տք է ստանայ ժողովուրդի իրաւունքէն, առանց որուն պետութիւն մը կը վերածուի պարզապէս սեփական ժողովուրդին վրայ բռնացող իշխանութեան…
Իսկ իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը աւելի քան քսան տարիներ առաջ վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, փաստօրէ՛ն, ահա ինկած է ու կը տապլտկի խորթացման ու հակադրութեան անհակակշռելի ոլորապտոյտին մէջ՝ կրելով ծանր հետեւանքները պետութեան եւ ժողովուրդի, իշխանութեան ու հասարակութեան, Օրէնքի եւ Իրաւունքի միջեւ խորացած խրամատին։
Աւելի՛ն. չի բաւեր, որ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը յայտնուած է սեփական պետութեան դէմ պայքար մղելու անհեթեթ հակադրութեան մէջ, այլեւ՝ ստիպուած է բաժան–բաժան եղած ընդդիմադրութեամբ շարունակելու բողոքի իր շարժումը։
Ճիշդ է, որ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կտրած են ռուպիկոնը եւ համաձայն են կառավարման համակարգը արմատական բարեկարգման ենթարկելու, որոշապէս նախագահական վարչաձեւը խորհրդարանականով փոխարինելու հիմնական առաջադրանքին։
Բայց ինչպէս որ Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութիւնը ցոյց տուաւ, նոյնիսկ հիմնական այդ համախոհութիւնը ինքնին բաւարար չէ, որպէսզի միասնական ճակատի մը մէջ համախմբուին ընդդիմադրութեան ցիրուցան ուժերը։
Իսկ առանց միասնական ճակատի՝ ընդդիմադիր ուժերը կամայ թէ ակամայ ձախողութեան կը դատապարտեն ժողովրդային բողոքն ու ծառացումը քաղաքականօրէն յառաջ մղելու, կազմակերպ շարժումի եւ ուժի վերածելու եւ Հայաստանի ժողովրդավարացման ծառայեցնելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Բացառուած չէ, անշուշտ, որ այս աստիճան կեդրոնաձիգ ու առանձնաշնորհեալ նախագահական իշխանութեան մը «օրինական» սանձարձակութեանց դէմ՝ ժողովրդային ու ժողովրդավարական պայքարի արդիւնաւէտ մարտավարութիւն մը կրնայ ըլլալ ընդդիմադրութեան ապակեդրոն գործելակերպը, բազմակողմանի եւ բազմագլխանի յարձակողականի որդեգրումով։
Հայաստանի քաղաքական դաշտը հասունցա՞ծ է նման մարտավարութիւն մը հնարաւոր դարձնելու համար։
Պատասխանը դրական ըլլալու լուրջ հիմք չունի, որովհետեւ ո՛չ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը քաղաքականօրէն եւ կազմակերպականօրէն կայացած են (դեռ յաղթահարուած չէ անձնակեդրոն կուսակցութեանց «հիւանդութիւն»ը), ոչ ալ ընդդիմադիր դաշտին մէջ միեւնոյն լեզուն կը խօսին ժողովրդային շարժման ղեկավարութեան յաւակնորդ բոլոր ուժերը։
Պատկերը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, եթէ ընդդիմադրութեան ներքին հակասութիւններուն վրայ գումարուին, նաեւ ու մանաւա՛նդ, իշխանութեան կողմէ պետականօրէն յառաջ մղուող ժողովրդային բողոքի շարժումը պառակտելու եւ իր ուժականութենէն պարպելու հետեւողական մեքենայութիւնները։
Դառնօրէն խօսուն է, այս առումով, Երեւանի քաղաքապետական ընտրապայքարի ընթացքին պարզուած Հայաստանի ներ–քաղաքական խմորումներուն հիւանդագին պատկերը։
Ընդդիմադրութիւնը փաստօրէն, կամայ թէ ակամայ, համակերպած է իշխանութեան պարտադրած քաղաքական օրակարգին։ Գոնէ առժամաբար վարագոյրը իջած է ժողովրդային բողոքի շարժումին վրայ։ Փետրուար 18ի քուէարկութեամբ նուաճուած ժողովուրդի Իրաւունքին համար պայքարը կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնն ու հնչեղութիւնը։ Փոխարէնը՝ օրակարգի վրայ բերուած է կառավարման արատաւոր այս համակարգին արմատական բարեկարգումը նոյնինքն Երեւանէն սկսելու առաջադրանքը։
Յատկապէս Դաշնակցութիւնը Երեւանի «Աւագանի»ի ընտրութեանց համար պայքարը յառաջ կը մղէ Հայաստանի կառավարման քաղաքական համակարգի արմատական փոփոխութեան օրակարգով։ Ինչպէս որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան կը շեշտէ «Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ են եւ պայքարի դուրս եկած ուժերը պէտք է հաշուի առնեն դա։ … Մենք ընտրապայքարի մէջ ենք մտել առաջին հերթին բոլոր դժբախտութիւնների պատճառ մոնոպոլիան (մենաշնորհային դրութիւնը) վերացնելու համար»։
Իսկ գործող իշխանութեան Օրէնքին բանբերները, հակազդելով ժողովուրդի Իրաւունքին տէր կանգնելու ընդդիմադրութեան այս մօտեցումին, կը պատասխանեն ամենայն շնականութեամբ.
«Այս ընտրութիւններում, սակայն, քաղաքական ենթատեքստ չի տեսնում Հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ցուցակում ընդգրկուած Յովհաննէս Թոքմաջեանը: Նրա կարծիքով՝ մեր երկրում քաղաքական ընտրութիւններն աւար-տուել են Փետրուար 18ին: Մայիսի 5ի ընտրութիւնների արդիւնքում պարզապէս կ՛ընտրվի այն ուժը, որն իր վրայ կը վերցնի Երեւանի խնդիների լուծումն՝ առաջիկայ 4 տարիներին» («Երկիր Մեդիա», 12 Ապրիլի լրատուութիւնը):
Տարբեր մօտեցում եւ տրամաբանութիւն չի կրնար ցուցաբերել իշխանութեան Օրէնքին վերատիրացած քաղաքական ուժը, որուն թիւ 1 ներկայացուցիչը, արհամարհելով իր վերընտրութեան օրինականութիւնը հարցականի տակ դնող սեփական ժողովուրդին առնուազն 37 տոկոսին Իրաւունքի պահանջը, փառահեղ հանդիսաւորութեամբ կատարուած իր երդման արարողութեան ընթացքին նոյնիսկ «շրթունքի ծառայութիւն» չուզեց մատուցել համակարգային բարեփոխման ամէնէն մեղմ կոչերուն անգամ։
Հետեւանքը յառաջիկայ հնգամեակին բնորոշ ներ–քաղաքական լարուածութեան ու իշխանակռուի տխուր, այլեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին հաւատքն ու վարկը մաշեցնող պատմութիւնը կրնայ ըլլալ միայն։