
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիա այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, շարք մը այլ հարցերու կողքին՝ խորհրդակցելու համար նաեւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ:
Թրքական «Պէյազ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Ռուս-թրքական համատեղ ռազմավարական նախաձեռնութիւններու 3րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Թուրքիա այցելող Լաւրով եւ Տաւութօղլուն, հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեցին, թէ իրենք քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար քայլերը եւ Կովկասի իրավիճակը:
Տաւութօղլու նշեց, թէ ռուս գործընկերոջ հետ քննարկած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ Արցախի խնդիրը: «Մենք միշտ մեծ կարեւորութիւն կու տանք Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», աւելցուց ան:
Իր կարգին, Լաւրով ըսաւ, թէ քննուած են նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի իրավիճակը, Իրանի հիւլէական ծրագիրի խնդիրը եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները: