
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինի կազմակերպչական աշխատանքները կը շարունակուին բուռն թափով՝ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հանդիսաւոր կերպով նշելու Ապրիլեան Եղեռնի 98րդ ամեակը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն է Բրիտանիոյ քաղաքացի, միջազգային իրաւաբան եւ դատաւոր, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողմնակից, մարդկային իրաւանց օրէնքի դասախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսըն, որ Միացեալ մարմինի յատուկ հրաւէրին ընդառաջելով՝ Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Լոնտոնէն եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ ներկաներուն:
Ճեֆրի Ռոպըրթսըն գործած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ իբրեւ փաստաբան՝ սահմանադրական, քրէական եւ միջազգային օրէնքի մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ ծառայած է ՄԱԿի մէջ իբրեւ դատաւոր եւ առաջին նախագահ՝ ՄԱԿի Սիէրա Լիոնի պատերազմական ոճիրի ատեանին: Ան հեղինակն է միջազգային ոճրային օրէնքի առաջատար գիրքին՝ «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ. Պայքարը համաշխարհային արդարութեան համար»: 2011ին ստացած է Նիւ Եորքի իրաւաբաններու միութեան «Միջազգային օրէնք եւ քաղաքականութիւն» մրցանակը:
Ռոպըրթսըն երկար տարիներու ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրած, ապացոյցներ հաւաքած եւ զանոնք հրատարակած է: Ան հեղինակաւոր իր վերլուծումը կատարած է՝ փաստելով, որ թուրքը ցեղասպանութիւն գործած է այնպէս, ինչպէս կը սահմանուի միջազգային օրէնքով: Ան նաեւ ապացուցած է, որ Անգլիոյ մերժումը այս իրականութեան կը բխի այն վախէն, որ թուրքերը տնտեսապէս կրնան հակադարձել: Ռոպըրթսըն հեղինակն է նաեւ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին ներկայացուած այն պաշտօնագիրին, ուր կը հաստատուի Լեռնային Ղարաբաղի պահանջատիրութիւնը անկախ պետականութեան:
Բանախօսէն բացի, խօսք պիտի առնեն քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ գործող պաշտօնատարներ: Դրօշակի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՀՄԸՄի եւ ՀԲԸՄի սկաուտները, ապա՝ ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին մասնակից աւելի քան 50 կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ:
Յարգելի հայրենակիցներ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, խուռներամ ուղղուինք դէպի Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձան՝ յարգելու համար յիշատակը մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներուն եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու աշխարհին, թէ մենք պիտի շարունակենք պահանջատիրական մեր պայքարը, մինչեւ միջազգային ճանաչում եւ արդար հատուցում:
Փոխադրակառքեր տրամադրելի են՝ St. Mary՛s Church in Glendale, St. Garabed Church in Hollywood:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ,
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ