ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքները կը պատրաստուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, 2015 թուականի Ապրիլ 24ին, համակարգելով իրենց ոգեկոչման ծրագիրները տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներով:
Երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող համահայկական յանձնաժողով, որուն կազմին մէջ մտան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ղեկավարները, կրօնական առաջնորդները եւ սփիւռքի քաղաքական, բարեսիրական ու մշակութային գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Տեղական յանձնախումբեր ձեւաւորուեցան զանազան երկիրներու մէջ: Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի միջազգային փորձագէտները անցեալ ամիս հաւաքուած էին Երեւանի մէջ՝ մշակելու յատուկ ծրագիրներ, որոնք պէտք է ներկայացուին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական յանձնաժողովի Մայիս 30ի ժողովին:
Ապրիլ 6ին Միջին Արեւելքի ութ երկիրներու (Կիպրոս, Եգիպտոս, Իրաք, Քուէյթ, Լիբանան, Սուրիա, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ եւ Իրան՝ ներկայացուած Թեհրանի, Սպահանի եւ Թաւրիզի յանձնախումբերով) Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերը հաւաքուեցան Պէյրութի մէջ՝ տարածաշրջանային մակարդակով իրենց նախաձեռնութիւնները համակարգելու համար: Խորհրդաժողովին կը մասնակցէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կը նախագահէր խորհրդաժողովին եւ հանդէս եկաւ դիպուկ ելոյթով՝ ուրուագծելով այն սկզբունքները, որոնցմով պիտի առաջնորդուին տարածաշրջանային յանձնախումբերը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն նախապատրաստուելու ընթացքին: Արամ վեհափառը նպատակները ձեւակերպեց հետեւեալ երեք հիմնական բառերով. «ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԱՆæԵԼ»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը բացատրեց. «Հարիւր տարի շեշտը դրինք յիշելու վրայ: Մոմ վառեցինք, ոգեկոչման երեկոներ կազմակերպեցինք, գիրք տպեցինք: Կարեւոր են այդ բոլորը, որպէսզի մեր նոր սերունդները մեր նահատակներուն նուիրական կտակով ու ոգիով թրծուին: Սակայն միայն այդ կէտին վրայ պիտի չկեդրոնանանք: 100 տարի յիշեցուցինք՝ ցոյցեր կազմակերպելով, լոպիինկի աշխատանքներ կատարելով եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելով: Նոյնը պիտի ընենք բնականաբար տարբեր մօտեցումներով: Սակայն անհրաժեշտ է, որ մենք շեշտը դնենք պահանջատիրութեան ու հատուցման վրայ»:
Վեհափառը ներկաներուն յիշեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ անցեալ տարի կազմակերպուած «Ճանաչումէն հատուցում» թեմայով միջազգային համագումարի մասին՝ միջազգային իրաւագէտներու մասնակցութեամբ. «Այսօր մենք մասնագէտ իրաւագէտներու պահանջ ունինք, որպէսզի միջազգային ատեաններու մէջ մեր Դատը կարենանք ճիշդ ձեւով ներկայացնել, պաշտպանել եւ հետապնդել», ըսաւ կաթողիկոսը:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. կաթողիկոս խորհուրդ տուաւ աշխատանքի բաժանում կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ. «Մենք պէտք է միասնական ճիգով աշխատինք: Մեր մօտեցումներն ու շեշտադրումները կրնան տարբերիլ իրարմէ. երբեմն պէ՛տք է տարբեր ըլլալ: Չմոռնանք, որ Հայաստանը պետութիւն է, իսկ Սփիւռքը՝ Սփիւռք: Պետութիւնը Սփիւռքի եւ Սփիւռքը պետութեան լեզուով պիտի չխօսին: Իւրաքանչիւրը իր յատուկ ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Սակայն տարբեր մօտեցումներու միջեւ պէտք է ըլլան ներքին ներդաշնակութիւն եւ համադրում: Այլ խօսքով, պէտք է միակամ ծրագրենք ու գործենք՝ ամուր կառչած մնալով պահանջատիրութեան»:
Այնուհետեւ կաթողիկոսը կոչ ուղղեց հարիւրամեակի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ ընդգրկելու Ափրիկէի, Ծայրագոյն Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանները: Անդրադառնալով Միջին Արեւելքին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ուշադրութիւն դարձուց երեք կարեւոր կէտերու վրայ.
1. Իսլամական աշխարհին մէջ Հայ Դատի հետապնդումը այլ մօտեցում կը պահանջէ, քանի որ Թուրքիան մահմետական պետութիւն է:
2. Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ հետզհետէ հզօրացող եւ ներթափանցող ազդեցութիւնը լուրջ հիմնախնդիր է. «Տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ընթացքին միշտ կը յիշեցնենք անոնց՝ ըսելով . «Թուրքիոյ առջեւ ձեր դռները շատ լայն բացած էք: Կու գայ այն օրը, երբ դուք կը հասկանաք ձեր սխալը: Թուրքիան տարբեր դիմակներ կը գործածէ: Հետեւաբար մենք պէտք է արթուն ըլլանք, քանզի ցեղասպանը մօտէն կը հետեւի մեր քայլերուն: Մենք պիտի չնահանջենք եւ պիտի չթուլանանք Թուրքիոյ միջամտութիւններէն»:
3. Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող դէպք չէ: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանքն է, եւ որոշ իմաստով, Ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հայկական ջանքերը բաժնեց երեք հարթութիւններու՝ պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: «Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը՝ յստա՛կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք կատարելիք», ըսաւ ան:
Յատկանշական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան, նոյնպէս ելոյթ ունենալով Պէյրութի մէջ կայացած տարածաշրջանային խորհրդաժողովին, նշեց. «Մենք գիտենք, որ չենք կարող վերացնել Հայոց Ցեղասպանութեան որոշ հետեւանքները, ինչպէս՝ զոհերն ու աւերուած եկեղեցիները, այնուամենայնիւ, գլխաւոր հետեւանքը հողի կորուստն է»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը