
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Փաստինֆօ».– 18 Ապրիլի յետմիջօրէին շուրջ 200 պռոշեանցիներ հաւաքուած էին Հայաստանի վերաքննիչ դատարանին առջեւ, ուր տեղի կ՛ունենար Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանը սպաննած ըլլալու կասկածով ձերբակալուած Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեաններու կալանքի որոշումը վիճարկելու գործով առաջին դռնփակ նիստը։
Շարժումի մասնակիցները, որոնց կարգին Արայիկի հարազատները, բարձրացուցած էին «Բացայայտէ՛ք իրական յանցագործին», «Ազատութիւն Արայիկին», «Պռոշեանը Արայիկի հետ է» կարգախօսներով պաստառներ, ինչպէս նաեւ կը բացագանչէին՝ «Ազատութիւն», «Արդարութիւն»։
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պռոշեանցիներէն մէկը նշած է, որ ձերբակալուածները շատ ազնիւ եւ նախանձելի երիտասարդներ են եւ նման յանցանք կատարելու ատակ չեն։ «Թող իրենց մէջ ման գան իրական յանցագործին։ Իրական մարդասպանը երեւի հիմա լաւ ծիծաղում է բոլորիս վրայ», ընդվզումով արտայայտուած է Արայիկի հարազատներէն մէկը։
Մինչ այդ ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութիւնը Արայիկ Պետրոսեանի դէպքին օրը հագած մարզական տարազին վրայէն դատաքիմիական փորձաքննութեամբ յայտնաբերած էր կրակոցի հետքեր։
Այս մասին խօսելով՝ Արայիկի կինը յայտնած է. «Այդ նիւթն ամէն բանի վրայից կարող են յայտնաբերել, սակայն դա հիմք չէ։ Արայիկն այդ օրը մարտկոց է փոխել, հնարաւոր է՝ դրա հետքերը լինեն»։ Տատիկ մը աւելցուցած է, որ իրաւ մարդասպանը ամէն ինչ պիտի ընէ հետքերը անհետացնելու համար եւ ոչ թէ հանգիստ պիտի մնայ։
Աւելի ուշ բողոքի ցոյցը դադրեցաւ Արտակի եւ Արայիկի հօր՝ Արշալոյս Պետրոսեանի խնդրանքով։ Վերջինս «Փաստինֆօ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ պռոշեանցիներէն խնդրած է բողոքը դադրեցնել, որովհետեւ ինք պիտի երթայ ոստիկանատուն՝ դիտել տալով, որ բողոքողները արդէն իրենց խօսքը լսելի դարձուցին։ Ա. Պետրոսեան ոստիկանութիւն գացած է՝ բողոքին նպատակը բացատրելու համար։ «Այնպիսի հարցեր չեն եղեր, որ ճանապարհ ենք ուզում փակել, անշնորհքութիւն ենք անում կամ էլ քաղաքական հարց ենք դարձնում», նշած է Արշալոյս Պետրոսեան՝ աւելցնելով, որ ճամբայ գոցելու մտադրութիւն չկար, այլ բողոքի ցոյցի մասնակիցները ուզած են պարզապէս, որ «Արայիկի եւ Արտակի նկատմամբ արդարացի մօտեցում լինի»։ Ա. Պետրոսեան ընդգծած է նաեւ, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է պռոշեանցիներուն փափաքով, եւ ինք այդ մասին տեղեակ իսկ չէ եղած։