
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական մշակութային ժառանգութեան երկու կոթողներ՝ Արագածոտնի մարզի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին ներառուած են եւրոպական մշակութային ժառանգութեան առաւել վտանգուած մշակութային եւ պատմական կոթողներու նախնական ցանկին մէջ։ Այս մասին նշուած է բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» թերթին մէջ։
«Ընդհանուր առմամբ 14 հնագիտական վայրեր, կրօնական շինութիւններ, պատմական քաղաք-կեդրոններ եւ ռազմական ամրութիւններ ընդգրկուած են ամէնէն վտանգուած մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու նախնական ցանկին մէջ», գրած է թերթը։
Շուրջ 21 երկիրներու կողմէ ներկայացուած եւ մշակութային ու պատմական արժէք ներկայացնող 40 կոթողներէն փորձագէտները ընտրած են 14 հատ, որոնց թիւը կրկին պիտի նուազի՝ հասնելով 7ի։ Վերջնական ցանկը պիտի հրապարակուի 16 Յունիսին Աթէնքի մէջ «Europa Nostra»ի (The Voice of Cultural Heritage in Europe) 50րդ տարեդարձին նուիրուած համաժողովին ընթացքին։
Նշենք, որ Արագածոտնի մարզի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին աշխարհի առաջին քրիստոնէական կառոյցներէն մէկն է, կառուցուած հինգերորդ դարասկիզբին: Եկեղեցին լրջօրէն վնասուած է պարբերաբար տեղի ունեցած ջրհեղեղներու իբրեւ հետեւանք եւ անյապաղ վերանորոգման կարիք ունի: Ժամանակակից Թուրքիոյ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին եւս հինգերորդ դարու կառոյց է եւ ներկայիս կը գտնուի լքեալ վիճակի մէջ։