ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Քաղաքակրթութիւններու երգչախումբը», որ կազմուած է Ալեքսանտրէթ (Հաթայ) բնակող եւ երեք կրօնքներու պատկանող երգիչներէ, իր համերգներէն մէկը իրականացուցած է Ուրֆայի մէջ։ Երգչախումբը ներկայացուցած է թրքերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ հայերէն հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր, որոնք ընդունուեցան իբրեւ աշխարհին ուղղուած հաշտութեան ու եղբայրութեան պատգամ մը՝ արժանանալով յոտնկայս ծափահարութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.