
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մեղադրած է իշխող վարչական կազմը՝ Կիրակի, 5 Մայիսին տեղի ունեցած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած «յանցագործութեան» համար: Ըստ նախնական պաշտօնական տուեալներուն, «այս ընտրութիւններում համոզիչ յաղթանակ է տարել իշխող կուսակցութիւնը»:
Կիրակի ուշ երեկոյեան Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 5 Մայիսի ընտրութիւնները ընտրական խախտումներու մակարդակով ոչինչով կը զիջէին վարչախումբի կատարած միւս ընտրութիւններուն:
«Արդէն աւանդական դարձած խայտառակ ընտրախախտումները համատարած էին ամբողջ քաղաքում. ընտրակաշառք, թաղային եւ ՀՀԿական խուժանի միջոցով ուղղորդուած քուէարկութիւններ, բազմակի քուէարկութիւններ, ընտրական կարուսելներ, բացակաների փոխարէն քուէարկութիւններ, լցոնումներ, կուտակումներ տեղամասերում, ահաբեկումներ եւ այլն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Մայրաքաղաքի աւագանու ընտրութիւնները գործող ռեժիմի հերթական յանցագործութիւնն էր ժողովրդավարութեան եւ Հայաստանի ժողովրդի դէմ, ինչի համար իշխող ուժը քաղաքական, իսկ նրա պարագլուխները քրէական պատասխանատուութեան են ենթարկուելու հաստատապէս»: