
ԵՐԵՒԱՆ.– Մաշտոցի անուան մատենադարանի հնատիպ գիրքերու հարուստ հաւաքածոն համալրուած է հայալեզու առաջին տպագիր Աստուածաշունչի օրինակով մը։ Ոսկան Երեւանցիի բացառիկ արժէք ներկայացնող Աստուածաշունչը տպագրուած է 1666 թուականին, Ամսթերտամի մէջ։ Տպագրութեան այս շքեղ օրինակը տարիներ շարունակ պատկանած է անձնական հաւաքածոյ ունեցողի մը։ «Վիվասել– Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի նուիրատուութեան շնորհիւ անիկա այժմ մայր ձեռագրատան մէջ ամփոփուած է եւ առանձնայատուկ փայլք պիտի տայ մատենադարանին։
Պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող այս հատորը բացառիկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ։ Անիկա նուիրուած է հայ տպագրութեան ռահվիրաներէն Յակոբ æուղայեցի կաթողիկոսին։ Աստուածաշունչ մատեանի այս օրինակը ունի արծաթեայ ընտիր կազմ, որ հայկական արուեստի եւ պատկերագրութեան եզակի նմոյշ է։ Հայկական արծաթագործութեան նշանաւոր կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Էրզրումի դպրոցի վարպետ ոսկերիչներէն մէկուն ձեռքով պատրաստուած կողք–կազմը արուեստի հրաշալի գործ է՝ փորագրութեան եւ դաջուածքի հմուտ մշակումը հանդիսացող։ Յստակ է, որ այդ կողքը պատրաստողը տիրապետած է թէ՛ ոսկերչական նրբագոյն արուեստին, թէ՛ մանրանկարչութեան, եւ թէ աստուածաբանութեան, որովհետեւ կրցած է այս բոլորը համադրելով ծնունդ տալ նման սքանչելի եւ ամբողջական ստեղծագործութեան։ Կողքին վրայ պատկերուած է աւետման տեսարանը, իսկ ետեւի կողմը՝ Համբարձմանը։ Գիրքին բացուող մասին մէջ պատկերուած են չորս աւետարանիչները՝ իրենց խորհրդանշաններով։
«Հաւանաբար չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ Մատենադարանը մեզի համար ունի նոյն խորհուրդը, զոր ունի բիբլիական Արարատը։ Ասիկա մեր էութիւնը բնութագրող սրբավայր մըն է։ Գիրի եւ գրականութեան հանդէպ հայուն սէրը անսահման է։ Ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը նոյնիսկ, պատուի եւ գոյութեան համար մարտնչող ժողովուրդը չէ արգիլած կեանքի գնով գիրքը փրկելու վճռակամութենէն։ Հայը իր ցաւը ամփոփած է երգի, ստեղծագործութեան եւ աղօթքի մէջ՝ ամուր պահելով մշակոյթը։ Ուրախ եմ, որ իմ համեստ ներդրումովս կրցայ օգտակար ըլլալ մատենադարանին», յայտնած է Ռ. Եիրիկեան։
Ան նաեւ այլ անակնկալ մը ընելով՝ իր անձնական հաւաքածոյէն Աստուածաշունչի այլ երկու օրինակներ յանձնած է մատենադարանին։ Անոնցմէ մէկը տպագրուած է 1854ին, իսկ միւսին տպագրութեան թուականը յստակ չէ, այս գծով ուսումնասիրութիւն պիտի ընեն մասնագէտները։