Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովը ուրախ է յայտարարելու, որ անցեալ տարուան նման, այս տարի եւս կազմակերպած է ամառնային ճամբար մը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ )2495 East Mountain Street, Pasadena, CA 91104):
Այս ճամբարի տեւողութիւնն է վեց շաբաթ՝ 24 Յունիսէն մինչեւ 2 Օգոստոս 2013, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4։ Ճամբարին կրնան մասնակցիլ 5էն մինչեւ 11 տարեկան երեխաները։
Ճամբարի շաբաթական ծախսն է 189 տոլար՝ ներառեալ ճաշ, նախընթրիք եւ այցելութիւն տեսարժան վայրերու։ Իսկ ճամբարի ընդհանուր պատասխանատուն է Կարինէ Սէօլէմէզեան։
Ճամբարի առաքելութիւնն է մեզի վստահուած երեխաներուն հայթայթել ապահով եւ առողջ մթնոլորտ մը, ուր անոնք պիտի կարենան մասնակցիլ ուսումնական եւ արտադպրոցական զանազան ձեռնարկներու։ Մեր ծրագիրին մէջ կան մարզական, արուեստի, թատրոնի, ժողովրդական պարի եւ առտնին տնտեսութեան գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ համակարգիչներու, հայ լեզուի ու մշակոյթի դասընթացքներ։
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ անցեալ տարուան ամառնային ճամբարին մասնակցած են 85 երեխաներ եւ այդ ճամբարին տեւողութիւնը եղած է միայն հինգ շաբաթ։ Մասնակցողները շատ գոհ մնացած էին եւ անոնց փափաքին ընդառաջելով է, որ որոշած ենք ձեռնարկել այս տարուան ճամբարին ու վստահ ենք, որ այս մէկն ալ յաջողութեամբ պիտի պսակուի։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կարելի է հեռաձայնել գրասենեակ՝ (626) 794-7942 թիւով:
(Հաղորդագրութիւնը՝ Շրջանակային Յանձնաժողովէն)