
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Հոկտեմբեր 2012ին դիմած էր նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութեան՝ անոր կարծիքը խնդրելով Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն ապահովագրութիւն գնած հայորդիներուն առնչուող իրաւունքներուն վերաբերող հարցին մասին եւ շատ հաւանական կը նկատուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն վարչակարգը նման կարծիք մը փոխանցէ, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 9րդ ատեանը բեկանած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային այն օրէնքը, որ ապահովագրական ընկերութիւններէն իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու արտօնութիւն կու տար ապահովագրութիւն գնողներու ժառանգորդներուն:
Գերագոյն ատեանին ցարդ ներկայացուած են Քալիֆորնիոյ օրէնքին ի նպաստ շարք մը կարծիքներ, որոնց շարքին են՝ Քալիֆորնիա, Նեւատա, Միշիկըն եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներու ընդհանուր դատախազներու, յաջորդաբար՝ Քամալա Հերիսի, Քեթրին Քորթեզ Մասթոյի, Պիլ Շուէթի եւ Փիթըր Քիլմարթինի կարծիքները:
«Կ՛ակնկալենք, որ կառավարութեան փաստաբանը պաշտպանէ բոլոր հայ քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ դուռը չփակէ փոքրամասնութեանց առջեւ, որոնք պարզապէս կը փորձեն արդար հատուցում ստանալ այն ապահովագրական ընկերութիւններէն ու դրամատուներէն, որոնք մեծ շահեր ապահոված են ոճրային արարքներէ: Կ՛ակնկալենք, որ կառավարութիւնը իր քաղաքացիներուն իրաւունքները օտար երկիրներու, այս պարագային՝ Թուրքիոյ, շահերէն վեր պիտի դասէ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան, որ վերջին քանի մը տարիներուն մօտէն կը հետեւի այս դատի վերիվայրումներուն:
Դատը անցած է իրաւական երկար ու բարդ ճամբայէ մը, որուն ընթացքին Շրջանային 9րդ ատեանը երեք տարբեր ու հակասական վճիռներ արձակած է. անոնցմէ վերջինը՝ Փետրուար 23, 2012ին, որ կը բեկանէր Քալիֆորնիոյ օրէնքը: Անկէ ետք, դատը ներկայացուեցաւ Գերագոյն ատեանին, «Փօլ Հէյսթինկզ» իրաւաբանական հիմնարկի փաստաբաններէն Իկոր Թիմոֆէյեւի կողմէ:
Սկզբնական դատը բացուած էր իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի կողմէ, իսկ ապահովագրութիւնը գնած հայերուն իրաւաբաններէն են՝ Լի Քրաֆըրտ Պոյտ, Ռայքա Շահ, Մարք Կիրակոս եւ Պրայըն Քապաթեք: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/legal/insuranceclaims կայքէջը: