
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 14 Մայիսին «Նայիրի» կայքէջին վրայ տեղադրուեցաւ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» եւ «Առձեռն բառարան հայկազեան լեզուի» աշխատութիւններու թուայնացուած տարբերակները: Բառարանները անհրաժեշտութիւն են հայագիտութեամբ զբաղող ոեւէ անձի համար, եւ այժմ անոնք ձրիաբար եւ դիւրութեամբ հասանելի են հանրութեան: Աւելի՛ն. անոնք նաեւ որոնելի են, ըստ սկզբնատառի։
«Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» կոթողական երկհատոր գործը, որ ծանօթ է նաեւ «Երից վարդապետաց բառարան» անունով, հրատարակուած է 1836 եւ 1837 թուականներուն Վենետիկի մէջ, իսկ 1979 թուականին վերահրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ: Բառարանին հեղինակներն են Մխիթարեան միաբանութեան անդամներ Գաբրիէլ Աւետիքեանը, Խաչատուր Սիւրմէլեանը եւ Մկրտիչ Աւգերեանը:
Մեկնելով «Նոր բառգիրք»ի մեծ գործին փորձառութենէն, Հայր Մկրտիչ Աւգերեանը 1846ին հրատարակած է «Առձեռն բառարան հայկազեան լեզուի»ն, մանրատառ բնագիրով, սեղմ հատորով եւ սակայն ճոխ բովանդակութեամբ: Նոյն գործը վերահրատարակուեցաւ 1865ին, Վենետիկի մէջ՝ Հայր Գրիգոր Ճելալեանի կողմէ, նոյն խորագիրին տակ եւ սակայն առաւել եւս հարստացուած՝ 5000 բառերու յաւելումով:
Այս ծրագիրը իրականացած է Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նիւթական աջակցութեամբ:
2005 թուականէն ի վեր «Նայիրի» կայքը հայերէնի ելեկտրոնային գործիքներ կը տրամադրէ, ներառեալ՝ հայերէնի բացատրական եւ երկլեզու բառարաններ՝ թէ՛ արեւմտահայերէնով, թէ՛ արեւելահայերէնով: 2010 թուականին «Նայիրի» կայքի եւ HySpell-ի համագործակցութեան շնորհիւ տրամադրելի դարձաւ դասական հայերէնի ամէնէն լիակատար ուղղագրական ստուգիչը, որուն բառացանկը կ՛ընդգրկէ աւելի քան 156,000 գլխաբառ եւ 5 միլիոնէ աւելի հոլովներ: «Նայիրի» կայքէջը անվճար սպասարկութիւն մըն է, որ կը գործէ բարերարներու, կրթական հիմնարկներու եւ հայերէնի երկարակեցութեամբ մտահոգ անձերու նիւթական աջակցութեան շնորհիւ:
Թուայնացուած բառարանները հասանելի են հետեւեալ հասցէներով.
http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=26
http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=34
Այժմ կայքին վրայ զետեղուած են հետեւեալ ցանկին մէջի 15 բառարանները.
http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB