
ԵՐԵՒԱՆ.– 13 Մայիսին «Սինոփսիս Արմէնիա»ի գիտաարտադրական կեդրոնին մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ Հայաստանի նախագահի տարեկան կրթական պարգեւի «Յաղթողների ակում-բ»ի անդամները եւ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի միքրօելեկտրոնային համակարգի ոլորտի ուսանողները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են «Վիվասէլ–Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու (գործատուներու) միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանը, «Վիասֆեր Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համանախագահ Թոնի Մորոյեանը եւ այլ հիւրեր: Հանդիպումը անպաշտօն զրոյցի ճամբով ընթացած է։
Նախագահական կրթական պարգեւի մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Մուսայելեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ հեղինակաւոր մարդոց հետ նման հանդիպումներ չափազանց կարեւոր են ուսանողներուն եւ կրթական պարգեւի յաղթողներուն համար: Անոր համաձայն, ճիշդ է նաեւ հակառակը, որովհետեւ հիւրերը կապ կը հաստատեն երիտասարդներուն հետ՝ տեղեկանալով անոնց տեսակէտներուն մասին։
Ճ. Հեֆըրն նախ պատմած է, թէ ինչպէ՛ս սկսած է իր դիւանագիտական գործունէութեան: Անդրադառնալով Հայաստանին՝ դեսպանը նշած է, որ «Հայաստանը բարդ երկիր է՝ կապուած 1915ի իրադարձութիւններուն հետ»: Դեսպանին համաձայն, թէեւ ինք ուղղակի կ՛ենթարկուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին, բայց նաեւ իր խողովակներով կը փորձէ ճնշում բանեցնել Միացեալ Նահանգներու նախագահին վրայ՝ 1915ի իրադարձութիւնները ընդունելու գծով. «Իմ միջոցովս որոշ ճնշում կը բանեցուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին վրայ՝ 1915ի իրադարձութիւնները ճանչնալու գծով»:
Իբրեւ երկիր Հայաստանի մասին խօսելով՝ ան նշած է, որ թէեւ կը կարծէր, որ խորհրդային փակ ու մոխրագոյն երկիր մը կրնար ըլլալ անիկա, սակայն փորձառութեամբ գիտցաւ, որ մարդիկ տաղանդաւոր են, ջերմ, ինչ որ իրեն համար զարմանալի էր։
Դեսպանին յատկապէս զարմացուցած էր այն, որ, հակառակ փակ սահմաններուն, հայերը կը գտնեն ուղիներ առաւել զարգանալու եւ յաջող դառնալու: Անդրադառնալով Հայաստանի տնտեսութեան՝ դեսպանը նշած է, որ Հայաստանի ապագան կը կայանայ գիտութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութեան մէջ: Հայաստանը, ըստ անոր, յատկապէս մեծ յաջողութիւններ կրնայ ունենալ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ: Ան զարմանք յայտնած է այն մասին, որ այս մարզին մէջ կան մեծ թիւով կիներ, որոնց թիւը հազիւ 10 տոկոս է Միացեալ Նահանգներու պարագային։
Անոր համաձայն, տնտեսութեան զարգացման համար պէտք է առեւտուրի միջավայրը ըլլայ աւելի բաց եւ թափանցիկ: Ըստ Ճ. Հեֆըրնի, պէտք է արդար մրցակցութիւն գոյութիւն ունենայ, որպէսզի փոքր եւ միջին առեւտուրը կարենայ աշխատիլ: Ըստ անոր, առեւտուրի բնագաւառին մէջ պէտք է ըլլայ օրէնքի գերակայութիւն, թափանցիկութիւն, ճիշդ մրցակցութիւն եւ կանխատեսելիութիւն:
«Մենք բաց յարաբերութեան մէջ ենք Հայաստանի հետ եւ կը փորձենք օգնել անոր, որպէսզի անիկա ժողովրդավարական երկիր դառնալու ճամբուն վրայ յաջողութիւններ ունենայ։ Մենք, բնականաբար, չենք փորձեր փոխարինել Ռուսիան, բայց համոզուած ենք, որ Հայաստանը օգուտ պիտի ունենայ, եթէ համագործակցի Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հետ», յայտնած է դիւանագէտը։
Կարեւոր նկատելով ընկերային տեղեկատուութեան դերը Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ միջեւ կապերու հաստատման առումով՝ դեսպանը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
«Արձանագրութիւնները տապալեցան Թուրքիոյ մեղքով: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները խիզախութիւն ցուցաբերեցին արձանագրութիւններու իմաստով, համաձայնութիւնը այն էր, որ ոչ մէկ նախապայման գոյութիւն ունենայ, բայց Թուրքիան փորձեց արձանագրութիւններու վաւերացումը կապել ղարաբաղեան խնդրի հետ: Թուրքիան սկսաւ նախապայմաններ դնել: Մինչդեռ Հայաստանը շատ լաւ դրսեւորեց ինքզինք 3 տարիներուն ընթացքին, եւ հիմա թուրքերը պէտք է բան մը ընեն», յայտնած է դեսպանը։