ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սահմանամերձ Չինարի գիւղի փոքրիկներուն օգնելու առաքելութիւնը միաւորած է խումբ մը բարեսէրներու ջանքերը: Չինարիի մանկապարտէզին ու դպրոցին համար պատրաստուած խաղալիքներու եւ գրենական պիտոյքներու ծրարները, աւելի քան 160 երեխայի համար նախատեսուած քաղցրաւենիքի ծրարներն ու տաք հագուստները սահմանամերձ այդ բնակավայրը հասած են 11 Մայիսին: Նախաձեռնութեան ծնունդ տուած է «Ազգ» օրաթերթի լրագրող Յասմիկ Յարութիւնեանի յօդուածն ու Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայրենակից-բարեգործներուն արձագանգը: Նամակատան միջոցով Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան հասած առաջին ծանրոցէն ետք Հայաստանի մէջ եւս նախաձեռնութեան շրջագիծը ընդարձակելու ջանք տարած են Յարութիւնեանն ու անոր ընկերները: Օգնել ուզողները շատ եղած են, նուիրուած հագուստն ու խաղալիքներն արդէն մէկ սենեակի մէջ չէին բաւած: Այդ բոլորը Չինարի հասած են Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի տրամադրած ինքնաշարժներով: Ազգային ժողովի նախագահին յանձնարարութեամբ նաեւ քաղցրաւենիքի ծրարներ պատրաստուած էին Չինարիի երեխաներուն համար:
Չինարիի փոքրիկներուն ոգեւորութիւնը անսահման էր. երախտագիտութեան բառերով չեն կրցած արտայայտուիլ, այլ՝ ամէն օր թշնամիին գնդակին թիրախ եղող փոքրիկ գիւղի հանդարտութիւնը խախտած խրոխտ «Մեր հայրենիք»ով: Անոնք երգած են բռունցքները բարձրացուցած՝ լի երախտագիտութեամբ ու սեփական հողին տէր կանգնելու անխախտ պատրաստակամութեամբ:
Երեւանէն Չինարի ուղեւորուած խումբը դիմաւորած է Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանն ու շնորհակալութիւն յայտնած՝ նախաձեռնութեան համար: Մարզպետարանի աշխատակիցները խումբի անդամներուն ընկերակցած են դէպի սահմանամերձ Չինարի: Գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեանի հովանաւորութեամբ, հագուստները պիտի բաշխուին ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող բնակիչներուն:
Սամուէլ Սաղոյեան անդրադարձած է լուծման կարիք ունեցող շարք մը խնդիրներու եւ առանձնացուցած է գիւղատնտեսական աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ սարքաւորումներու բացակայութեան հանգամանքը: Հակառակ անոր որ գիւղը մնայուն կերպով ռմբակոծման ենթակայ է, ու նոյնիսկ յուղարկաւորութիւնները կը կատարուին գիշերները, բայց Չինարիի բնակիչները որոշած են այս տարի ցանք կատարել: Բերքը զգալիօրէն պիտի թեթեւցնէ իրենց ծանր կացութիւնը: Համապատասխան սարքաւորումներուն բացակայութիւնը լուրջ հարց է իրենց համար։ Համայնքը այս իմաստով դիմած է նաեւ պատկան մարմիններու, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեան: 11 Մայիսին եւս գիւղին ուղղութեամբ հակառակորդը կրկին կրակ բացած էր:
1256 բնակիչ ունեցող Չինարին մէկն է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ այն բնակավայրերէն, որոնք լուրջ հոգածութեան կարիք ունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.