ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հանդիպում մը: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Քաթարի եւ Էմիրութեանց շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Հանդիպումին նպատակն էր միջ-եկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ մը յառաջացնել շրջանէն ներս:
Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէս նախագաներէն մէկը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին, այցելեց նոյն Խորհուրդի ընդհ. քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ճալըխ: Ան եկած էր վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ունենալու իր ներկայութեամբ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք միջ-եկեղեցական հանդիպումին գծով: Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը, շեշտելով միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը ամրապնդելու ու անոր շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Միաժամանակ վեհափառ Հայրապետը թելադրեց ընդհ. քարտուղարին զգուշացնելու շրջանի եկեղեցական ներկայացուցիչները հետեւեալ երեւոյթներէն. 1. Անհրաժեշտ է պահել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին միութիւնն ու ամբողջութիւնը, որպէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու ձայնը արտայայտող միակ կառոյց: 2. Ծոցի շրջանէն ներս յառաջանալիք խորհուրդը պէտք չէ վերածուի ինքնանկախ միաւորի իր առանձին ծրագիրներով ու գործունէութեամբ. ան պէտք է դառնայ համարատու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին: 3. Նկատի ունենալով շրջանէն ներս տիրող զգայնութիւնը, քաղաքական թէ կրօնական իմաստով, յիշեալ խորհուրդը պէտք է զգոյշ ըլլայ իր գործունէութեան մէջ:
Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Ապու Տապիի միջ-եկեղեցական հաւաքին մասնակիցները այցելցած էին Անթիլիասի Մայրավանքը ունենալու համար վեհափառ հայրապետին տեսակէտը իրենց նախաձեռնութեան նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.