
ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 18 Մայիսին Երեւանի մէջ ձերբակալուած են Արսէն Աւետեանը եւ Արկադի Վարդանեանը, որոնց նկատմամբ կասկած կայ Արսէն Աւետեանի հօր՝ Ռոբերտ Աւետեանի, սպանութիւնը նախապատրաստելուն մէջ:
ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնին համաձայն, Արսէն Աւետեանը եւ Արկադի Վարդանեանը ծրագրած, միջոցներ ձեռք բերած եւ պայմաններ ստեղծած են Ռոբերտ Աւետեանը թունաւորելու եւ անոր գոյքին տիրանալու համար:
17 Մայիսին յարուցուած էր քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 35-104րդ յօդուածի 2րդ մասին 7րդ եւ 8րդ կէտերու յատկանիշներով (խումբ մը անձերու կողմէ շահադիտական դրդումներով սպանութեան նախապատրաստութիւն):
Նախաքննութիւնը կը կատարէ Հայաստանի ԱԱԾ քննչական վարչութիւնը:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, «ներկայումս նախաքննութեան մարմինը քննարկում է կասկածեալներին մեղադրանք առաջադրելու, նրանց արարքներին իրաւական գնահատական տալու, ինչպէս նաեւ խափանման միջոց ընտրելու հարցերը»: Յիշեցնենք, որ Փետրուար-Մարտին Վարդանեանը կը մասնակցէր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանրահաւաքներուն, կը սատարէր վերջինիս շարժման:
13 տարի առաջ ան շարժում սկսած է Ռոբերտ Քոչարեանի իշխանութեան դէմ:
Վարդանեանը օրին ձերբակալած էին եւ ազատ արձակած՝ երկիրը լքելու պարտադրանքով: Ան Հայաստան վերադարձած է նախորդ տարի: