ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– «ՁԻԱՀի (Ձեռքբերովի իմունային անբաւարարութեան համախտանիշ – ԷՅՏԶ)ի խնդրի ջատագովութեան խումբ»ը ՁԻԱՀէն մահացածներուն յիշատակին նախաձեռնութիւն մը կատարած է 19 Մայիսին, Հիւսիսային պողոտային կից գտնուող հրապարակին վրայ՝ «Հետազօտուի՛ր եւ ապրի՛ր» խորագիրով։ Օրուան ընթացքին «ՁԻԱՀի խնդրի ջատագովութեան խումբ»ը ՄԱԿի ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի Միացեալ ծրագիրի, «Ուըրլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղին, ՄԻԱՎի կանխարգիլման ծրագիրի եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կատարած է տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ մոմավառութիւն եւ «Քուիլթ» (տարբեր կտորներէ պատրաստուած ծածկող՝ մահացողներու յիշատակին համար), որոնց նպատակն էր հանրութեան, մասնաւորապէս երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի խնդիրներուն: Աւանդութեան համաձայն, մասնակիցները 40 քառակուսի կտորիկներ կարած են ծածկոցին, քանի որ, ըստ ՁԻԱՀի հանրապետական կեդրոնի տուեալներուն, 2012ին Հայաստանի մէջ ՁԻԱՀէն մահացած է 40 անձ: Կատարուած է մոմավառութիւն, որուն միացած են բազմաթիւ ճաշարաններ՝ վառելով սեղաններուն վրայ դրուած մոմերը: Այս բոլորին ընկերակցած է կենդանի երաժշտութիւն, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի մասին ուղերձներ, տեղեկատուական նիւթերու տարածում: «Նուշիկեան ասոցիացիա» ընկերութեան հովանաւորութեամբ իւրաքանչիւր 3 վայրկեանը անգամ մը տեղեկատուական տեսաերիզ կը հեռարձակուէր Օփերային յարող տարածքի պաստառին վրայ: Իսկ «Սթար» հանրային վաճառատուներուն վաճառողները օրուան ընթացքին կը կրէին կարմիր ժապաւէն եւ ՄԻԱՎի վերաբերեալ տեղեկատուական թերթիկներ կը բաժնէին: «ՁԻԱՀի խնդրի ջատագովութեան խումբ»ի համակարգող Յովհաննէս Մադոյեան կարեւոր նկատած է բուժման հասանելիութեան պահպանումը Հայաստանի մէջ եւ նշած է. «Այսօր հակառետրովիրուսային բուժումը հասանելի է մեր երկրում ՁԻԱՀի, տուբերկուլոզի եւ մալարիայի դէմ պայքարի գլոբալ հիմնադրամի աջակցութեամբ, բայց ֆինասնաւորման դադարեցման պարագայում կարող են խնդիրներ առաջանալ»: Այսօր Հայաստանի մէջ կայ ՄԻԱՎով ապրող 493 մարդ, որոնք բուժման կը հետեւին, կազմած են ընտանիք եւ կարելիութիւն ունին երկար ապրելու։ Միակ անհրաժեշտ նախապայմանը ՄԻԱՎի յատուկ հետազօտութիւններն ու քննութիւնը կատարելն է, անհրաժեշտութեան պարագային հետեւողական բուժման հետեւիլը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.